ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ուրբաթ, 10 Դեկտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան բանտարկուած պատգամաւորներ Արմէն Չարչեան, Մխիթար Զաքարեան եւ Արթուր Սարգսեան ազատ արձակուեցան «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի դատական նիստերու դահլիճէն։
Սահմանադրական դատարանը նախանցեալ օր հրապարակուած որոշումով վճռեց, որ բանտարկուած անձը պատգամաւորի կարգավիճակ ստանալէն ետք չի կրնար բանտարկուած մնալ։