ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Շաբաթ, 11 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) զրոյց-հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողւկոսին հետ:
Առաւել քան ժամ մը տեւած հարցազրոյցը ուղիղ սփռուեցաւ կաթողիկոսարանի Cilicia TV-էն: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան եւ Սփիւռքին վերաբերող շարք մը հարցերուն:

Վեհափառը իր փորձառութեան լոյսին տակ լայն բացատրութիւններ տուաւ երիտասարդութեան իւրայատուկ դերին հայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Սփիւռքի կառոյցներու վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման կարեւորութեան:
Յիծեցնենք, որ 2022 տարին Արամ Ա, կաթողիկոսը հռչակած է «Սփիւռքի Տարի» եւ կոչ ուղղած, որ իր Հայրապետական պատգամին մէջ արծարծուած հարցերը լուրջ քննարկումի ենթարկուին Սփիւռքի գաղութներուն մէջ: