
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Սուրի Պըրժ Շմալի գաղթակայանին մէջ Կիրակի կէսօրէն ետք արձանագրուեցան բախումներ` պաղեստինեան «Համաս» եւ «Ֆաթհ» կազմակերպութիւններու զինեալներուն միջեւ:
Զինեալ բախումներուն պատճառըգաղթակայանին մէջ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած պայթումին ընթացքին մահացած անձի մը յուղարկաւորութիւնն էր, իսկ այդ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան չորս զոհեր:
«Համաս»ը «Ֆաթհ»ը ամբաստանեց յուղարկաւորներուն դէմ կրակ բանալու յանցանքով, իսկ «Ֆաթհ»ը պնդեց, որ գաղթակայանին մէջ կրակ բացող զինեալը յանձնած է լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Միւս կողմէ, Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Կիրակի օր նախագահեց նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպաննութեան 16րդ տարելիցին առիթով մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ընթացքին ան շեշտեց, թէ Թուէյնի ջանք թափած է պաշտպանելու Լիբանանի անկախութիւնը եւ զայն հեռու պահելու համայնքայնութենէն: Ան նշեց, որ իրենց համար զարմանալի չեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը եւ յանցագործները ծածկելու փորձերը, «որովհետեւ Լիբանանի մէջ այս ուղեգիծը արմատացած է»:
Մինչ այդ, «Մուսթաքպալ» խմբակի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց «Հըզպալլա»ի զէնքին եւ երկրին վարչակարգին դէմ ներքին յեղափոխութիւն մը սկսելու` հաստատելով, որ տիրող ներկայ կացութիւնը կարիքը ունի միջազգային միջամտութեան:
Վերջապէս, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հակազդեցութիւնները արդարացի են`աւելցնելով, որ լիբանանցի կարգ մը քաղաքական գործիչներ, որոնք Իրանի դաշնակից են, Լիբանանը զետեղեցին ոչ-արաբական առանցքի մը վրայ: «Սակայն, Իրանի զօրակիցները լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը չեն նկատուիր, հետեւաբար կը մաղթեմ, որ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի երկիրները Լիբանանի նկատմամբ ըմբռնում ցուցաբերեն», ըսաւ ան՝ պնդելով. «»Հըզպալլա»ն պատասխանատուն է ներկայի կացութեան եւ արձանագրուող պատահարներուն»: