ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Կիրակի օր Ռուսիայէն պահանջեցին դադրեցնել մագլցողական քայլերը եւ վերադառնալ դիւանագիտական հունին, մասնաւորաբար Ուքրանիոյ հարցով:
Նախարարները իրենց ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ քայլերը «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենան:«Մենք միասնակամ ենք ռուսական զինուորական կուտակումներու դատապարտման եւ Ուքրանիոյ նկատմամբ թշնամական հռետորաբանութեան դէմ», նշեցին անոնք:
Ժողովին կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն եւ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ճափոնի, Իտալիոյ եւ Գանատայի անոր պաշտօնակիցները:
Քրեմլինը, մեկնաբանելով Եօթներու խմբակի յայտարարութիւնը՝ յայտարարեց. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կարմիր գիծերու վերաբերեալ հայեցակարգերուն միջեւ շատ վտանգաւոր տարակարծութիւններ կան»:
«Եօթներու խմբակի անդամ երկիրները Ռուսիան եւ Ուքրանիան բանակցութիւններու սեղան հրաւիրած են` այդպիսով ընդունելով իրենց սեփական սխալներու պատասխանատուութիւնը կրելու անկարողութիւնը», իր կարգին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ աւելցնելով․ «Պէտք չէ Ռուսիան եւ Ուքրանիան բանակցութեան սեղան բերել, այլ` Ուքրանիան եւ Ուքրանիան», ըսաւ Զախարովա` ակնարկելով Քիեւին եւ գլխաւորաբան ռուսամէտ Տոնպասի շրջանին:
Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ»ը հաղորդեց, որ թրքական բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնած է, որ Թուրքիա Ուքրանիոյ համար Ռուսիոյ դէմ պիտի չպատերազմի: «Մենք Ուքրանիոյ մէջ մեր քայլերը Ուաշինկթընի հետ չենք համակարգեր եւ անկախ կերպով կ՛աշխատինք պաշտպանելու համար մեր շահերը», նշած է աղբիւրը: