Հայաստանի ծանրամարտի ազգային հաւաքականի անդամ Անդրանիկ Կարապետեան ոսկի մետալ շահեցաւ Իւզպէքիստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին։
89 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն Կարապետեան պոկումի վարժութեան ընթացքին բարձրացուց 175 քլկ․ եւ նուաճեց ոսկիի մետալ, սակայն, հրումի վարժութեան ընթացքին վնասուածք ստանալով չկրցաւ շարունակել պայքարը:
Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի այլ անդամ մը՝ Յակոբ Մկրտչեան, գրաւեց 8րդ դիրքը, 96 քլկ․ դասակարգի հրում վարժութեան մրցումներուն՝ բարձրացնելով 207 քլկ․։