(Ծնեալ՝ 1 Մարտ 2002ին)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ զաւակին, եղբօր, թոռան, եղբօր զաւակին, քրոջ զաւակին, ընկերոջ եւ հարազատին` Թեւան Պաւլիկ Գէորգեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 5 Դեկտեմբեր 2021ին։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 11։30էն կէսօրէն ետք ժամը 4։30, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 1712 S. Glendale Ave, Glendale, CA 91205։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 28 Դեկտեմբեր 2021ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of the Recessional մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ծնողքը՝ Արիկ եւ Անիթա Գէորգեան
Քոյրը՝ Թալին Գէորգեան
Մեծ Մայրը՝ Ժորժեթ (Օհանեան) Գէորգեան
Մեծ Մայրը՝ Նորա Ասատրեան
Հօրեղբայրը՝ Արմէն եւ Ջենիֆըր Գէորգեան եւ զաւակները՝ Շելբի եւ Շեյն
Մօրաքոյրը՝ Մարինա եւ Վազգէն Մազմանեան եւ զաւակները՝ Ալեքս եւ Ամանդա
Եւ համայն Գէորգեան, Ասատրեան, Մազմանեան, Բաղդասարեան, Սարգիսեան, Աւանեսեան, Օհանեան, Սալմասեան, Բաղդասարեան, Գրիգորեան, ՀՄԸՄի եւ ՀԵԴի ընտանիքները հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ, 3347 N San Fernando Rd, Los Angeles, CA 90065
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին, In Memory of Tevan Gevorkian (checks payable to Homenetmen Glendale Ararat Chapter) կամ Venmo @Ararat-Chapter (Tevan Gevorkian):
Եղբ. ԹԵՒԱՆ ՊԱՒԼԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆի՝ ՀՄԸՄի Կլենտէյլ «Արարատ» մասնաճիւղի խմբապետին, մահուան տխուր առիթով, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ծնողքին՝ եղբ. Արիկ եւ քոյր Անիթա Գէորգեաններուն, քրոջ՝ ՀՄԸՄի Կլենտէյլ «Արարատ» մասնաճիւղի միաւորի խմբապետ քոյր Թալին Գէորգեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։