Թ. Տօնոյեան

ՀՄԸՄի Փրովիտընսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 40ամեակը մեծ խանդավառութեամբ տօնուեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէսով մը՝ Շաբաթ, 4 Դեկտեմբերի երեկոյեան տեղւոյն Սուրբ Սահակ եւ Մեսրոպ Եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահին մէջ։ Շուրջ 160 ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ երեկոն բացուեցաւ սկաուտներու փողերախումբի եւ դրօշակներու տողանցքով, որմէ ետք յաջորդաբար երգուեցան Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները՝ կատարողութեամբ Ռոստոմ Մկրտիչեանի եւ Թալին Տօնոյեանի: Հոգեւոր հայրերու օրհնութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը բոլոր հանգուցեալ հիմնադիրներուն եւ անդամներուն:
Օրուան հանդիսավարներն էին Կարօ եւ Կալին Թաշեանները: Տօնակատարութեան ընթացքին, մեծ պաստառի մը վրայ շարունակաբար ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄի Փրովիտընսի մասնաճիւղի սկաուտական խմբապետ Մկրտիչ Արսլանեանի եւ փոխխմբապետ Անահիտ Տօնոյեանի կողմէ պատրաստուած սահիկներու հաւաքածոն, որ կը ներկայացնէր մասնաճիւղի անցեալ քառասուն տարիներու բեղուն գործունէութիւնը:
Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչատուրեան փոխանցեց մասնաճիւղի շնորհաւորական խօսքը եւ յայտնեց, որ ՀՄԸՄի Փրովիտընսի մասնաճիւղի հիմնադիրներու երազները իրականացան այս օտար ափերուն վրայ հայ փոքրիկերը դաստիարակելով «առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» նշանաբանով, ամրապնդելով հայաշունչ իտէալները իրենց հոգիներուն եւ սiրտերուն մէջ: Ան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ եւ հոգաբարձութեան, քոյր կազմակերպութիւններուն, ՀՄԸՄի անդամներուն եւ համակիրներուն իրենց շարունակական քաջալերանքին եւ աջակցութեան համար, նամանաւանդ 40ամեայ յուշամատեան գրքոյկի շնորհաւորական մաղթանքներուն եւ նիւթական օժանդակութեան:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Խաչատուրեան, որ շնորհաւորեց Փրովիտընսի մասնաճիւղը, գնահատելով վարչութեան, սկաուտական խորհուրդի, մարզական եւ ընկերային յանձնախումբերու տարած աշխատանքները քառասուն տարիներու ընթացքին: Այս առթիւ, ան Շրջանային Վարչութեան կողմէ շրջանի «Ծառայութեան Շքանշան»ով պարգեւատրեց մասնաճիւղի տասնեակ տարիներու նուիրեալ հետեւեալ անդամները՝ Մանուշակ Գրիգորեան, Քրիստափոր Գրիգորեան, Սարգիս Դարբինեան, Յարութ Թարաքսեան, Մարալ Խաչատուրեան, Համազասպ Ռշտունի եւ Յակոբ Տօնոյեան:
Յայտագիրի աւարտին, Ուաշիկթընէն ժամանած ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Թանաշեան փոխանցեց իր խօսքը: Ան շնորհաւորեց Փրովիտընսի մասնաճիւղի պարգեւատրուած անդամները, աւելցնելով թէ անոնք անսակարկ նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց հայապահպանման առաքինութիւնը եւ ներշնչեն ապագայ սերունդները գոյատեւելու որպէս նկարագրով վսեմ ՀՄԸՄ-ականներ: Երգիչ Կարօ Թորոսեան եւ իրեն ընկերակցող Վիգէն Մաքուշեան ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեցին մինչեւ ուշ ատեն: Աւարտին ներկաները վայելեցին ազգային եւ յեղափոխական երգերու շարք մը։