ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի վարչապետի 15 Յունուար 2021ի որոշման՝ Սիւնիքի մարզին մէջ ներկայի եւ հնարաւոր հարցերու բացայայտման եւ շտապ արձագանգման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները համակարգելու նպատակով կազմուեցաւ միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ, որուն մաս կը կազմեն պետական գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Հայաստանի ոստիկանութիւնը՝ նշելով, որ զայն կը ներկայացնէ ոստիկանութեան պետի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան: «Գլխաւոր խնդիրը անվտանգութիւնն է: Ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութեան ու ենթակայ՝ Սիսիանի, Գորիսի, Կապանի, Քաջարանի, Մեղրիի, Ագարակի տարածքային բաժինների ու բաժանմունքների ծառայողները, համագործակցելով ուժային միւս կառոյցների աշխատակիցների հետ, Սիւնիքի մարզի բնակավայրերում 24ժամեայ ռեժիմով (դրութեամբ) ապահովում են քաղաքացիների անվտանգութիւնը», կ՛ըսուի ոստիկանութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ոստիկանութիւնը նաեւ շրջիկ ծառայութիւն պիտի կատարէ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար, Խնածախ, Վաղատուր, Ճակատեն, Ծաւ, Շիկահող, Ներքին Հանդ եւ այլ շրջաններու մէջ:
Հսկիչ-անցագրային կէտեր տեղադրուեցան նաեւ Երեւան-Կապան ճամբու քանի մը հատուածներու մէջ: Կէտի ծառայողները կը կատարեն երթեւեկի կարգաւորում, ուղեկցումներ, ինչպէս նաեւ վարորդները կը տեղեկացնեն սահմանային անցակէտերու տեղակայման եւ այլընտրանքային ճամբաներու երթեւեկի ուղղութիւններուն մասին:
Կը նշուի, որ ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութեան փորձագիտական բաժանմունքը կարելիութիւն պիտի ունենայ անօդաչու թռչող սարքերու միջոցով զննելու յանցագործութեան դէպքի վայրը: Բացի այդ, կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցութեան միջոցները համադրելով՝ հետազօտել երթեւեկի պատահարի ծագման գործիքակազմը եւ մանրամասնութիւնները:
«Ոստիկանութեան Սիւնիքի մարզային վարչութիւնն ու ենթակայ ստորաբաժանումները այս պատուաբեր առաքելութիւնն իրականացնում են իրենց անմիջական պարտականութիւններին զուգահեռ՝ ոստիկանները կանխում եւ բացայայտում են յանցագործութիւններ, պահպանում հասարակական կարգն ու անվտանգութիւնը, ապահովում անվտանգ երթեւեկութիւն եւ այլն:
Սիւնիքը Հայաստանի ողնաշարն է, եւ ոստիկանութեան գերնպատակն է ապահովել բնակչութեան անվտանգութիւնը, կանխել անցանկալի միջադէպերի հնարաւորութիւնը, իրենց ներկայութեամբ ու ծառայութեամբ հաւաստել, որ ինչպէս հանրապետութեան ողջ տարածքում, այնպէս էլ սահմանային գօտիներում հանրութեան կենսագործունէութիւնն ու քաղաքացու ապահովութիւնը ոստիկանութեան ամէնօրեայ աչալուրջ պաշտպանութեան տակ է», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: