Ժայռափոր յուշարձանները
ՀԻՒՍՆԻՒ ԿԻՒՐՊԷՅ
Հաստատ իրողութիւն է, թէ յոյներ, հայեր, քիւրտեր եւ ասորիներ իրենց բնօրրանի տեղացի ժողովուրդներն են։ Անոնք ի դէմ բոլոր աւերներու, իրենց խոր հետքերը թողած են այդ հողերուն վրայ։
Ի․ դարու սկիզբներուն, բազմազգի եւ բազմակրօն աշխարհագրութեան մը մէջ միազգանի պետութիւն մը հիմնելու նախաձեռնութիւնը ցաւալի հետեւանքներ ունեցած է։ Ազգային պետութեան ծրագրի հեղինակները իրենց ռազմավարութիւնը կառուցած են երեք սիւներու վրայ․
Ա. Տարածաշրջանի քրիստոնեայ տարրերը, այսինքն յոյները, հայերը եւ ասորիները տեղ չունին այս նոր կազմին մէջ։ Անոնք այս կամ այն եղանակով պիտի հեռացուին երկրի տարածքէն։ Պիտի արտօնուի միայն հսկելի քանակով բնակչութեան մը գոյութիւնը պահել, որպէսզի ի պահանջել հարկին օգտագործուին իբրեւ պատանդ։
Բ. Ազգային ծագումը, մայրենին ինչ որ ալ ըլլայ, բոլոր մահմետական տարրերը պիտի ձուլուին սիւննի-հանեֆի դաւանանքի մէջ ու պիտի թրքանան։
Գ. Մահմետական համարուող բայց այս ձուլման քաղաքականութեան դիմադրող քրտախօսները կամ ալեւիները պիտի ենթարկուին ծանր ճնշումներու ու հալածանքներու։ Անոնց կամքը պիտի կոտրուի մայրենի լեզուի, հաւատքի, մշակոյթի, արուեստական արտադրութիւններու խորտակումով ու պատուազրկութեամբ։ Այսպէս, ժամանակի ընթացքին պիտի ապահովուի նաեւ իրենց այլասերումը։ Փրոֆ. Պասքըն Օրան այս երրորդ տարբերակը կը բնութագրէ «խառն դրութիւն» եզրով ու կ՛ըսէ հետեւեալը՝. «Երբ ձուլման ռազմավարութիւնը ակնկալուած արդիւնքը չի տար, ապա կը գործադրուի ցեղային եւ կրօնական մաքրագործումը։ Թուրք ազգային պետութիւնը, երբ յուսալքուեցաւ Տէրսիմի շրջանը այլասերելու իր նպատակին մէջ, գործադրեց 1937-1938 թուականներու կոտորածները եւ տարագրութիւնը»։
Կրօնական ու մշակութային ինչքերու խորտակումէն ամենածանր տուժածները եղան ղըզըլպաշ քիւրտերը։ Պատճառաբանելով, թէ ղըզըլպաշները կը պաշտեն քարերուն, ծառերուն, ջուրին եւ բնութեան զանազան երեւոյթները, խորտակած են եւ կը շարունակեն խորտակել ղըզըլպաշներու ուխտավայրերը։ Լուսանկարը վար ապացոյցն է այդ սրբապղծութեան։
Այս ժայրաբեկորը կը կոչուի Քալէ Սըփի եւ իրեն կը վերագրուի որոշ սրբութիւն։ Կը յիշատակուի երեկոյեան աղօթքներու մէջ։ Զաւակազուրկ կանայք կամ վիժում ապրածներ, տարեց ու այրի պառաւի մը առաջնորդութեամբ եօթ անգամ կը դառնան այս ժայրին շուրջ եւ աղօթքներ կ՛աղերսեն։ Կ՛արիւնեն իրենց հետ բերած աքլորի բբուկը եւ «նիյազ» (կարագով խարկուած ու երկաթի վրայ խանծուած խմորեղէն) կը բաժնեն։ Նկարը կ՛ապացուցէ ժայռի բեկանումը եւ գրառումներով կատարուած սրբապղծութիւնը։
Նման վայրագութեամբ արմատախիլ եղած են սրբավայր ըլլալով յարգուած բազմադարեան ծառեր եւս։ Շատ աւելի ծանր է գերեզմաններու վիճակը։
Նոյնը պատահած է հայոց եկեղեցիներու, մատուռներու, վանքերու կամ գերեզմաններու համար։ Իսթանպուլէ դուրս բաւականին քիչ են մեր օրերուն հասած հայկական պատմամշակութային կառոյցները։ Մնացածներն ալ կ՛օգտագործուին իբրեւ ախոռ կամ յարդանոց։

Պղծուած Քալէ Սըփին
Կը նկատենք, թէ առաջին հերթին վնասուածները կրօնական շինութիւններ են։ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիոյ հանրապետութեան փորձով գիտենք, թէ հասարակութեան մը կրօնական ոչնչացումին կը յաջորդէ լեզուական ոչնչացումը։ Այդ իսկ պատճառաւ պետութեան կրօնական հակումներուն հակասող բոլոր սրբութիւնները պիտի խորտակուին։ Այս հաստատումը ի զօրու է ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատքին, այլ ալեւի կամ եզիտիներու պարագային ալ։ Եթէ նպատակադրուած է ժողովուրդներուն պետութեան նախապատուութիւն տուած հաւատքին մէջ ձուլուիլը, բնականաբար պէտք է աւերուին անարժան համարուած հաւատի սրբավայրերը։ Այս հասկացողութիւնը պետութեան անգիր բայց պաշտօնական քաղաքականութիւնն է։
Ժողովուրդներու պատմութիւնը, մշակութային արժէքները եւ հաւատքի վայրերը ՄԱԿի եւ անոր մշակութային կազմակերպութիւնը հանդիսացող ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ երաշխաւորուած են։ Այդ երաշխիքին ամրագրած համաձայնութեան մասնակցած է նաեւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը։ Ուրեմն խորտակումը, որ կը շարունակուի այդ երաշխիքով հանդերձ շատ աւելի լուրջ խնդիր մըն է եւ նիւթ կը դառնայ միջազգային յանցագործութեան։ Արդեօք կարելի՞ է այդ սրբութիւններու նկատմամբ անհանդուրժող գտնուողները քաղաքակիրթ աշխարհի պատուաւոր մէկ անդամը համարել։ Երկիրներ կամ հանդուրժողական եւ ժողովրդավարական հասկացողութեան մը պիտի հետեւին եւ մասնիկը պիտի ըլլան քաղաքակիրթ աշխարհին կամ ալ թալիպաններու նման պիտի մատնուին միջնադարեան խաւարին։
Ի դէմ այս բոլորին, Թուրքիոյ տեղացի, բնիկ ժողովուրդները կարծես այս օրերը նախատեսած ըլլան եւ որպէս կանխամիջոց, իրենց հետքերը թողեր են անհասանելի բարձունքներու կամ խիտ անտառապատ տարածքներու վրայ։ Կարծես այսպէսով աղաղակած կ՛ըլլան՝ «Հոս էինք, հոս կ՛ապրէինք» ըսելով։ Ներքեւի նկարին մէջ կը տեսնենք Քիղը եւ Տէրսիմի Փիւլիւմիւր գաւառի միջեւ անտառածածկ տարածքի մը վրայ ժայռափոր յուշարձանները։ Դիտումնաւոր կերպով կը խուսափիմ այդ վայր աւելի յստակ նկարագրելէ։
Յատկապէս անոնցմէ մէկը հսկայ ժայռի մը գագաթնամասի տաշուելով ձեւաւորուած է, որուն կեդրոնին հսկայ խաչ մը փորագրուած։ Կողքին կը նկատուի նաեւ աւելի փոքր չորս խաչեր։ Որեւէ գրութեան չեմ հանդիպած։ Այս հսկայ ժայռի արեւմտեան հատուածին աւելի փոքր խաչքար մը եւս կը նկատուի։
«ԱԿՕՍ»