

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Բանաստեղծ եւ իմաստասէր Ժպրան Խալիլ Ժպրանի աշխարհահռչակ գրական ստեղծագործութիւնը՝ «Մարգարէն» հատորը, հայերէնի թարգմանուած էր բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի կողմէ, 1984ին: Ներկայ թղթակազմ երկրորդ հրատարակութիւնը կը պարունակէ գրական քննադատ Արփի Սարաֆեանի նախաբանը եւ կ՛ընդգրկէ սկզբնաղբիւրին ամբողջական բնագիրը եւ ներածականը՝ առանց փոփոխութեան:
Թէեւ գիրքը պաշտօնապէս հանրութեան պիտի ներկայացուի գալիք ամիսներուն, սակայն կարելի է տօնական օրերու առթիւ օրինակներ գնել «Ապրիլ» գրատան նոր հասցէէն՝ 1022 E. Chevy Chase Dr., Suite C, Glendale, CA, կամ առցանց՝ www/abrilbooks.com/margaren-5869.html կապով:
«Մարգարէ»ն գիրքը արդէն ժողովրդականութիւն շահած էր իր 1923ի առաջին հրատարակութենէն ետք։ Հայերէն այս թարգմանութիւնը, որ շատերու կողմէ նկատուած է թարգմանութիւններու լաւագոյնը, երեսունըհինգ տարիէ ի վեր անհասանելի էր հայ ընթերցողին: Այս երկրորդ հրատարակութիւնը արձագանգ մըն է հայ մամուլին մէջ երեւցած զանազան յօդուածներէն եկած խնդրանքին:
Քնարերգական արուեստով՝ «Մարգարէն» մեզի կու տայ հիմնական գիծերը Ժպրանի փիլիսոփայութեան, որ իբրեւ խորք ունի մարդասիրութիւնըէապէս: Այս մատեանը աւետարանումն է մեծ մտածողին, թէ մարդ պիտի հանգի վախճանական ամենագիտութեան, ամենազօրութեան, տիեզերականութեան: Սէրը, գեղեցիկին պաշտամունքը, կարեկցութիւնը, ներողամտութիւնը կը հանդիսանան բացարձակ պայմաններ՝ ուղիղ եւ արդար կենսավարութեան:
Գիրքին կողքին վրայ վերարտադրուած է Փօլ Կիրակոսեանի գունանկարը նաւավարի մը կանգնած նաւուն արագաստներուն միջեւ: Գիրքը օժտուած է նաեւ Ժպրանի տասներկու լրիւ էջեր գրաւող գծանկարներով:
Այս գողտրիկ եւ «տարօրինակ փոքր գիրքը» կատարեալ տօնական նուէր մը կրնայ ըլլալ անոնց համառ, որոնք գիտութիւն եւ ներշնչում կը փնտռեն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել Արնօ Երեցեանին՝ «Ապրիլ» գրատուն, (818) 243-4112 թիւով կամ noor@abrilbooks.com հասցէով։