
ՄՈՆԹՐԷԱԼ․- 20էն 24 Դեկտեմբերին, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ՝ թշնամիի անմիջական նշանառութեան տակ գտնուող 19 գիւղերու մանուկներ ստացան ամանորեայ նուէրներ, իսկ անոնց ընտանիքները՝ դրամական օժանդակութիւն:
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Անի Օհանեան եւ վարչութեան անդամ Սիւզի Պոյամեան անձամբ մասնակցեցան նուէրներու յանձնման աշխատանքին: Ծրագիրի կազմակերպական հարցերը լուծուած են Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի միաւորի միջոցով:
ՀՕՄի Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեան յայտնեց, որ ծրագիրը իրականացուած է Արցախի հսկողութեան տակ մնացած բոլոր շրջաններուն մէջ: Մարտակերտի շրջանի Կիչան, Ճանկաթաղ, Վարդաձոր, Վարնկաթաղ, Մաղավուզ, Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ, Սառնաղբիւր, Խրամորթ, Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն, Թաղավարդ-Կալեր, Կարմիր Շուկայ, Նորշէն, Աւդուռ, Միւրիշէն, Հացի եւ Շուշիի շրջանի Լիսագոր, Եղծահող, Հին Շէն, Մեծ Շէն գիւղերու 972 աշակերտներ եւ մանկապարտէզներու սաներ ստացան նուէրներ:
Անի Օհանեան «Ապառաժ»ի հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ Արցախի մանուկներուն ամանորեայ նուէրներ տալու գաղափարը յառաջացած է նախորդ տարի՝ պատերազմի օրերուն:
