ՊՈՍԹԸՆ․- Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի՝ Մեսսչուսեցի Ինտիըն Օրչըրտ շրջանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան, որ նաեւ հմուտ մաէսթրօ մըն է, 25 Նոյեմբերին ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, ղեկավարելով տեղւոյն Mozart Players նուագախումբը, St. John’s Smith Square սրահին մէջ։ Նուագախումբը ներկայացուց Մոցարթէն, Մենտելսոնէն եւ Պեթհովէնէն գործեր։
Պետրոս քահանան իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ՝ խմբավարի մասնագիտութեամբ , ապա Ս․ Փեթերսպուրկի երաժշտանոցին մէջ յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած է։ Անոր ձիրքերը մեծապէս գնահատուած են միջազգային մամուլին կողմէ։