ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Շաբաթ, 25 Դեկտեմբերի առաւօտեան, կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրնիկները Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ տօնախմբեցին Նոր տարուան տօնը։
Հաւաքին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոսը անակնկալ կերպով միացաւ փոքրիկներուն եւ իր հայրական գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ բաժնեկից դարձաւ անոնց ուրախութեան։
Աւանդական կարկանդակի հատումէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին անունով, փոքրիկներէն քոյր-եղբայր երկու անդամներ վեհափառին նուիրեցին Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի նմանակը։
Նոր տարուան եւ Ս․ Ծննդեան զոյգ տօներուն առիթով, կաթողիկոսը իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց փոքրիկներուն ու անոնց ընտանիքներուն։