
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու պատուիրակութիւնը 26 Դեկտեմբերին մասնակցեցաւ Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան (ԺԺԿ-HDP) Երիտասարդական կազմակերպութեան երրորդ համաժողովին:
Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր Հայաստանի ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամներէն` Տիգրան Չանտոյեան եւ Գէորգ Ղազլեան:
Համաժողովին ՀՅԴ Երիտասարդականի խօսքը փոխանցեցուեցաւ քրտերէնով: Ողջունելէ ետք մասնակցողները՝ ՀՅԴ պատուիրակութեան ներկայացուցիչը խստօրէն քննադատեց թուրքիոյ ապակայունացնող եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը: »Թուրքիան իր անթաքոյց յարձակողականութեամբ եւ անկէ բխող գործունէութեամբ կը շարունակէ ապակայունացնել տարածաշրջանային խաղաղութեան գործընթացները. ասոր վառ ապացոյցը մենք տեսանք 44օրեայ պատերազմի ընթացքին«, ըսաւ ան:
Եզրափակելով իր խօսքը, ան յաջողութիւն մաղթեց համաժողովի աշխատանքներուն եւ յոյս յայտնեց, որ հետագային աւելի սերտ համագործակցութիւն կը ստեղծուի տարածաշրջանին առանձնահատուկ համընդհանուր հարցերու կարգավորման շուրջ, յանուն ազգային իրաւունքներու, իրական ժողովրդավարութեան արմատաւորման եւ համամարդկային արժէքներու:
Նշենք նաեւ, թէ բացումի նիստին, խօսք առին ԺԺԿի համանախագահ Միտհատ Սանճար եւ Ժողովրդավար Շրջաններու կուսակցութեան (DBP) համանախագահ Սալիհա Այտեմիզ:
Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ժողովին մասնակցող երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւներու հետ, որոնց կարգին թրքական խորհրդարանի Մարտին քաղաքի պատգամաւոր Էպրու Կիւնէյի:
Ծանօթ․ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Անիկա հիմնադրուած է 2008ին եւ դիտորդի կարգավիճակով կ՛անդամակցի Ընկերվար-Միջազգայնականին (Socialist-International):
