ԵՐԵՒԱՆ.- Տեղի ունեցաւ Շուշիի Հայրենակցական Միութեան եւ շուշեցիներու հանդիպումը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Պատարագին մասնակցելէ ետք քննարկուեցան շուշեցիներու առօրեայ հարցերը, անոնց առջեւ ծառացած հիմնահարցերը, մասնաւորապէս անոնց բնակելու տեղ ապահովելու եւ փախստականի կարգավիճակ ստանալու հարցերը:
Որոշում տրուեցաւ շուշեցիներու հաւաքագրումը փաստաթղթաւորելու, որպէսզի պետական մակարդակով պատշաճ պահանջ ներկայացուի կառավարութեան` շուշեցիներուն բնակարանով ապահովելու, փախստականի կարգավիճակ տրամադրելու, ընկերային-տնտեսական հարցերուն լուծումներ գտնելու եւ համայնք ստեղծելու համար:
Այսպիսով, յարգելի շուշեցիներ` մեր հայրենակիցներ, պահպանեք կապը իրար հետ, տեղեկատուութիւն փոխանցելով կատարուելիք գործընթացին վերաբերեւալ եւ անշուշտ մեզի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջական տեսքով ցանկագրելու բոլոր շուշեցիներուն եւ կարելի եղածին չափ շուտ սկսելու այս գործընթացը: Մեր միւս հայրենակիցներուն, որոնք անտարբեր չեն շուշեցիներուն առաջ ծառացած հիմնահարցերուն եւ կառավարութեան կողմէ անտարբերութեան մատնուած կարեւորագոյն հարցերու հանդէպ, կոչ կ՛ուղղենք՝ ցուցաբերելու ձեր աջակցութիւնը` իբրեւ օժանդակութիւն մեր հայրենակիցներուն:
ՇՈՒՇԻԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ