
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 30 Դեկտեմբերին, Թուրքիոյ հետ կապ ունեցող երկու հանգամանքներ կը յուշեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան հարթակ կը պատրաստէ։
Արդարեւ, 44օրեայ պատերազմին ընթացքին` նախորդ տարուան Հոկտեմբերին, գործադիրին որոշումով, արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու Հայաստան ներածումը` նկատի ունենալով Անգարայի անթաքոյց աջակցութիւնը Պաքուին:
Նախորդ տարուան 31 Դեկտեմբերէն ուժի մէջ մտած արգելքը ճշդուեցաւ կէս տարուան համար: Այնուհետեւ` այս Յունիսին, անիկա երկարաձգուեցաւ կէս տարիով եւս, իսկ այս ժամկէտը արդէն կ՛աւարտի 31 Դեկտեմբերին։
Առաւել քան երկու շաբաթ առաջ, տնտեսութեան նախարարութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ կը մշակուի արգելքը յաւելեալ վեց ամիսով երկարաձգելու որոշման նախագիծ մը, սակայն այդ նախագիծը չյայտնուեցաւ կառավարութեան օրակարգին վրայ: 30 Դեկտեմբերին գործադիրի այս տարուան վերջին նիստն էր, եւ նման որոշման նախագիծ չկար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մէկ տարի գործող արգելքը յառաջիկայ տարուան 1 Յունուարէն սկսեալ այլեւս պիտի չգործէ:
Ըստ տնտեսութեան նախարարութեան 30 Դեկտեմբերին հրապարակած հաղորդագրութեան՝ միջգերատեսչական քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք որոշում տրուած է չերկարաձգել թրքական ապրանքներու ներածման արգելքը։ Այնտեղ կը նշուի, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական անդրադարձներ։ «Դրական հետեւանքներից են մի շարք նոր հիմնուած կամ ընդլայնուած արտադրութիւնները թեթեւ արդիւնաբերութեան, շինանիւթերի եւ կահոյքի արտադրութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտում, սակայն էմբարգոյի ((նաւ)արգելք) գլխաւոր բացասական հետեւանքն է գնաճի վրայ էական ազդեցութիւնը, ինչը դրսեւորուել է յատկապէս լայն սպառման մի շարք ապրանքախմբերի վրայ»:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի Հանրապետութեան օդանաւային իշխանութիւնները թոյլատրեցին Flyone Armenia ընկերութեան Երեւան-Պոլիս-Երեւան երթուղիով թռիչքներ կատարել։ Այս մասին յայտնեցին ընկերութեան խորհուրդէն:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա կը հաւատայ, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր իրավիճակի առողջացման եւ վստահութեան ու բարի դրացիութեան ձեւաւորման։ «Ռուսիա տարբեր առիթներով յայտարարած է, որ պատրաստ է միջնորդական դեր ստանձնելու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ», հաստատեց ան։ Զախարովա բանական եւ տրամաբանական քայլ նկատեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ երկխօսութեան սկսելու համար յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումը` ընդգծելով, որ Մոսկուա պատրաստ է միջնորդական եւ կազմակերպչական դեր ստանձնել յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ շփումներու գծով։
Projected Turkey Armenia relations agenda if not published,KEPT
SECRET, could contain terms, which probably is possible, WILL BE
AGAINST ARMENIAN WESTERN ARMENIA RESTORATION, SEVRES
TREATY, GENOCIDE, REJECTION CONDITIONS BASED TO START,
HAVING TOTAL APPROVAL OF BOLSHEVIK RUSSIA, TO LEGALIZE
MOSCOW TREATY *ILLEGAL* 101 YEAR OLD PACT, CONCERNING
ARMENIA “SACRIFICING” FOREVER. THEY CANNOT CHANGE SEVRES
WHICH CREATED ALL MIDDLE EAST NATIONS INTERNATIONALLY
1919, but,THEY CAN FORCE BORDER OPENING, WITHOUT ARMENIAN
CONTROL ON HIGHWAY, RAILROAD, CHECKING WHICH IS VERY
DANGEROUS AS SECURITY, CAUSING BIG DIFFICULTY FOR WESTERN
ARMENIA LAND RECUPERATION, AFTER THIS TREACHEROUS
AGREEMENT SIGNING ; WITH TOTAL KNOWLEDGE OF 3 PRESIDENTS
PLUS P.M. FOR ITS FATAL CONSEQUENCES , liable as 1st DEGREE
FATHERLAND KILLING ACCESSORIES SINCE 31 YEARS OF KGB RULING.
DIASPORA MUST REACT VERY FORCEFULLY AGAINST THIS DANGEROUS
MEETING, UNDERSTANDING HOW ARMENIA IS PUSHED INTO END GAME,
RAVINE FALL.!!