ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոն յայտարարեց, որ Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու մասին օրէնքը, որ վերջերս ստորագրուած էր երկրի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ կը պարունակէ կարեւոր դրոյթներ, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած պատերազմական ոճիրներուն։
«Պիտի հետեւիմ, որ անհրաժեշտ զեկոյցները յստակօրէն ձեւակերպուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները փաստագրելու ընթացքին», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է քոնկրեսականը։