ՄՈՍԿՈՒԱ.- 10 Յունուարին, Ժընեւի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին, Ռուսիա ամերիկեան կողմէն պիտի ձգտի ստանալ Ռուսիոյ ապահովութեան համար ամուր երաշխիքներ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Օրակարգին վրայ, անշուշտ, ընդգրկուած է 15 Դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիայէն փոխանցուած ռուսական երկու հիմնարար փաստաթուղթերու նախագիծերու քննարկումը՝ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ապահովութեան երաշխիքներու եւ Ռուսիոյ ու Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի անդամ երկիրներու անվտանգութեան քայլերու մասին համաձայնագիրները: Բանակցութիւններուն ընթացքին մենք պիտի ձգտինք ամերիկեան կողմէն ստանալ Ռուսիոյ համառ ապահովական ամուր իրաւական երաշխիքներ՝ զսպելու ՆԱԹՕի յառաջխաղացքը դէպի արեւելք եւ կասեցնելու համար Ռուսիոյ սպառնացող սպառազինութեան համակարգերու տեղակայումը մեր երկրի սահմաններուն վրայ», ընդգծեց դիւանագէտը:
«10 Յունուարին, Ժընեւի մէջ նախատեսուած են բանակցութիւններ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնախարարական պատուիրակութեան ձեւաչափով, ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը, իսկ ամերիկեան կողմը՝ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուենտի Շըրմըն», ըսաւ Զախարովա: