ԱՐԱ ԽԱՆՃԵԱՆ
Քաղաքապետարաններու, ՏԻՄերու, ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան հինգ տարին անգամ մը: Վերջին ընտրութիւնները տեղին ունեցան 2021ին, երեք հանգրուաններով՝ 17 Հոկտեմբերին, 14 Նոյեմբերին եւ 5 Դեկտեմբերին։
Նախավերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան 2016ին՝ բացի Երեւանէն, որուն աւագանիներու ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ 2018ին:
Առաջին անգամ ըլլալով, ընտրութիւնները տեղի ունեցան համամասնական ձեւով, այսինքն՝ ընտրողները քուէ տուին կուսակցութիւններու եւ ոչ թէ անհատ թեկնածուներու:
Կուսակցութիւնները իրենց ստացած քուէներուն համեմատ ունեցան աւագանիներ: Երեւանը համամասնական ընտրութիւններ ունեցաւ 2009էն սկսեալ, իսկ Գիւմրին եւ Վանաձորը՝ 2016էն։
Անցնող տարիներուն, համայնքները խոշորացուեցան եւ անցեալի 502 համայնքները վերածուեցան 79ի: Այս տարուան ՏԻՄի ընտրութիւններուն, իւրաքանչիւր կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկին երեք թեկնածուներէն մէկը պէտք է կին ըլլար: Սակայն դժբախտաբար, ընտրուած մօտաւորապէս 1008 աւագանիներուն մէկ երրորդը կիներ, որովհետեւ ընտրութիւններէն ետք, բազմաթիւ կին աւագանիներ հրաժարեցան կամ «ինքնաբացարկ» կարգավիճակ յայտարարեցին, առիթ տալով տղամարդ աւագանիներուն իրենց տեղերը առնելու: Կուսակցութիւններուն շեմը աւագանի ունենալու՝ քուէներուն նուազագոյնը չորս տոկոս ստանալն էր, իսկ դաշինքներուն համար՝ հինգ տոկոս:
ՏԻՄերու Ընտրութիւններուն ՀՅԴի Ունեցած Արդիւնքները
Հոկտեմբերի ընտրութիւններուն, ՀՅԴն որեւէ համայնքի ՏԻՄի ընտրութիւններուն չմասնակցեցաւ: 14 Նոյեմբերին, ՀՅԴն մասնակցեցաւ միայն Տաւուշի Իջեւան համայնքի ընտրութիւններուն, իսկ 5 Դեկտեմբերին, տասը համայնքներու մէջ մասնակցեցաւ մինակը եւ քուէարկողները առիթը ունեցան ուղղակի քուէարկելու ՀՅԴին, իսկ ինը համայնքներու մէջ մասնակցեցաւ իբրեւ զանազան դաշինքներու մաս: Այս ինն համայնքներուն մէջ, ՀՅԴն զանազան դաշինքներու մաս կազմեց «Համերաշխութիւն», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայրենիք», Հայաստանի Հանրապետական, «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութիւններուն եւ անկուսակցական անձերու հետ:
Ընտրութիւններու արդիւնքը ամփոփուած է վարի երեք աղիւսակներուն մէջ: Առաջին աղիւսակը կը ներկայացնէ այն համայնքները, ուր 14 Նոյեմբերին եւ 5 Դեկտեմբերին, ՀՅԴն ՏԻՄի ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ առանձին եւ քուէարկողը կրցաւ ուղղակի ՀՅԴին քուէ տալ: Երկրորդ աղիւսակը կը ներկայացնէ այն համայնքները, ուր ՀՅԴն ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ իբրեւ դաշինքի մը անդամ: Աղիւսակին 8րդ սիւնակը կը ներկայացնէ, թէ դաշինքը քանի աւագանի կրցաւ ունենալ այդ համայնքին մէջ, իսկ 9րդ սիւնակը կը ներկայացնէ, թէ դաշինքին ունեցած աւագանիներէն քանի հատը կը ներկայացնեն ՀՅԴ կուսակցութիւնը: Իսկ երրորդ աղիւսակը կը ներկայացնէ ներկայ աւագանիներուն ընդհանուր պատկերը՝ համեմատած ՀՅԴի ունեցած աւագանիներու թիւին հետ:
Երբ առաջին աղիւսակը նայինք՝ կը տեսնենք, թէ տասնմէկ համայնքներու մէջ, ուր ՀՅԴն մասնակցած է առանձին, ընդհանրապէս չորս տոկոսի շեմը հազիւ կրցած է անցնիլ: Ամէնէն լաւ արդիւնքները ստացած է երկու համայնքներուն մէջ՝ Իջեվան եւ Մեծամօր, ուր ընտրութիւններուն կը մասնակցէին միայն ՀՅԴն եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնները, եւ բոլոր անոնք, որոնք ընդվզած էին Փաշինեանի կառավարութեան գործունէութիւնէն, միակ այլընտրանքը, զոր ունէին Փաշինեանին դէմ՝ ՀՅԴն էր: Այս տասնմէկ համայնքներուն մէջ 297 աւագանիներէն ՀՅԴն կրցած է ընտրել 27 աւագանիներ: Որեւէ համայնքի մէջ, ՀՅԴն չէ կրցած տիրապետել աւագանիներու մեծամասնութեան, որպէսզի կարենայ ունենալ համայնքապետ-գիւղապետ: ՏԻՄի այս ընտրութիւններու արդիւնքները կարելի է տեսնել elections.am պաշտօնական կայքին վրայ:

Երբ երկրորդ աղիւսակին նայինք՝ կը տեսնենք, թէ ինն համայնքներու մէջ, ուր ՀՅԴն մաս կը կազմէր դաշինքի մը, դաշինքները աւելի բարձր թիւով աւագանիներ՝ 46, կրցած են ընտրել քան երբ ՀՅԴն մասնակցած է առանձին: Սակայն, որովհետեւ դաշինքներուն մէջ կային նաեւ ՀՅԴէն բացի այլ կուսակցութիւններ եւ անկուսակցականներ, դաշինքներուն միջոցաւ ՀՅԴն կրցած է ունենալ 21 աւագանի:

Երրորդ աղիւսակը կը ներկայացնէ Հայաստանի բոլոր աւագանիներու թիւը եւ ՀՅԴի ունեցած աւագանիներու ընդհանուր պատկերը: Վերջին երեք ամիսներուն, Հայաստանի մէջ ընտրուած են 1008 աւագանիներ: Երբ այս թիւին աւելցնենք Երեւանի աւագանիներու ներկայ թիւը՝ 63, կ՛ունենանք 1071 աւագանիներ: Երբ գումարենք ՀՅԴի կողմէ ուղղակի ընտրուած 27 աւագանիները, դաշինքներուն միջոցաւ ընտրուած ՀՅԴի 21 աւագանիներուն կ՛ունենանք 48 աւագանիներ: Գորիսի «Արուշանեան» դաշինքը, որուն ընտրութիւններուն կ՛աջակցէր ՀՅԴն, նշանակած է մէկ հատ ՀՅԴի անդամ իբրեւ աւագանի: Այս ձեւով, կրնանք ըսել թէ այսօր Հայաստանիի մէջ կան 49 աւագանիներ, որոնք ուղղակիօրէն կը ներկայացնեն ՀՅԴն: Երբ բաղդատենք այս թիւը Հայաստանի հանրապետութեան աւագանիներու ընդհանուր թիւին հետ՝ 1071, կը տեսնենք, թէ ՀՅԴի աւագանիներու տոկոսը Հայաստանի ընդհանուր աւագանիներու թիւին մոտաւորապէս 4.6 տոկոսն է:

Արդիւնքներու Ամփոփ Քննարկում
Իմ կարծիքով, երբ ոեւէ դաշնակցական կը նայի այս թիւերուն՝ պէտք է տխրի եւ տագնապի: Երբ բոլոր աւագանիներուն միայն 4?6 տոկոսը ՀՅԴն կը ներկայացնէ, երբ միայն 20 համայնքներու մէջ ՀՅԴն աւագանի ունի, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան երեք ամէնէն մեծ քաղաքներուն մէջ՝ Երեւան, Գիւմրի եւ Վանաձոր, ՀՅԴն ոեւէ աւագանի չունի, եւ այլն, կը նշանակէ, թէ ՀՅԴն Հայաստանի մէջ տկար վիճակի մէջ կը գտնուի:
Այս արդիւնքները աւելի մտահոգիչ կը դառնան, երբ նկատենք, թէ հազիւ մէկ տարի առաջ ստեղծուած «Ապրելու Երկիր» կուսակցութիւնը, որուն ղեկավարներն են աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախկին երկու նախարարներ Մանէ Թանտիլեան եւ Մեսրոպ Առաքելեան, ինչպէս նաեւ Ռուբէն Վարդանեան, կրցաւ ունենալ 41 աւագանիներ 13 համայնքներու մէջ:
Պէտք է բոլոր դաշնակցականները տեղեակ ըլլան ՀՅԴի տկար վիճակով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որովհետեւ դաշնակցականը համոզուած է, որ ամէնէն լաւ կուսակցութիւնը, որ կրնայ Հայաստանի վիճակը բարելաւել ՀՅԴն է: Իսկ երբ Հայաստանի վիճակը ծանր է եւ Հայաստանի մէջ ՀՅԴն կը գտնուի տկար վիճակի մէջ եւ չի կրնար կատարել իրմէ ակնկալուած ծառայութիւնը հայրենիքին, իւրաքանչիւր դաշնակցական պէտք է քննարկէ, թէ ինչ պէտք է ընել, որպէսզի ՀՅԴն հզօրանայ Հայաստանի մէջ ու կատարէ իրմէ ակնկալուած առաքելութիւնը:
Անհասկնալի է, որ դաշնակցական մը շարունակական կերպով կը մտահոգուի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արձախի ծանր կացութեամբ եւ ամէն օր արդարացիօրէն կը դատապարտէ Փաշինեանը եւ Հայաստանի ղեկավարները, սակայն նոյն ժամանակ, չի հետաքրքրուիր եւ չի տագնապիր, թէ ինչո՛ւ Հայաստանի մէջ, ՀՅԴն շատ տկար վիճակ մը ունի, ստանալով ժողովուրդին քուէներուն չորս կամ հինգ տոկոսը:
Վերջապէս օգտակար է տեսնել գաւաթի լեցուն բաժինը կամ պատկերին դրական կողմը եւ տեսնել, թէ տասը համայնքներու մէջ, ընտրողները տուած են բաւական քուէներ ՀՅԴին, որպէսզի անցնի չորս տոկոսի շեմը եւ ունենայ աւագանիներ:
Իմ կարծիքով՝ իրաքանչիւր դաշնակցական, պէտք է յիշէ այս տասը համայնքները՝ Մեծամոր, Իջեւան, Աշտարակ, Սեւան, Արտաշատ, Արթիկ, Հրազդան, Կոտայք մարզի Նաիրի համայնք, Սպիտակ եւ Աբովեան: Ամէն ձեւերով, պէտք է այս համայնքներու ՀՅԴի աւագանիներուն թիկունք կենանք եւ նախանձախնդիր ըլլանք, որ անոնք կարենան օգտաշատ աշխատանք տանիլ իրենց համայնքներուն մէջ, որուն պատճառով, թէ՛ ծառայած ըլլան իրենց համայնքներուն եւ թէ բարձրացնեն հաւանականութիւնը, որպէսզի հինգ տարի ետք, յաջորդ աւագանիներու ընտրութեան ՀՅԴն ստանայ շատ աւելի բարձր թիւով քուէներ եւ դառնայ հզօր կուսակցութիւն: