ԹՈՔԻՕ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ճափոնաամերիկեան The Diplomat լրատուական կայքը կը գրէ, որ, իբրեւ պատասխան Թուրքիոյ ուղուրամէտ հռետորաբանութեան աշխուժացման՝ Չինաստան սկսած է գործածել «քրտական հարցը»:
«Չինաստան կը հակադարձէ՝ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով այն շրջաններուն վրայ, ուր քիւրտեր կ՛ապրին եւ Թուրքիան մեղադրելով՝ այդ շրջաններուն մէջ մարդկային իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով: Չինաստանի քայլերը ցոյց կու տան, որ Չինաստան պիտի հակադարձէ, եթէ Անգարա շարունակէ բարձրացնել ուղուրներու ցեղասպանութեան հարցը», կը գրէ The Diplomat-ը:
Դրուագ մը եւս, որ աննկատ մնացած է թրքական մամուլին մէջ, բայց անհանգստացուցած է Չինաստանը. թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան նոր անուանումը եւ Պոլսոյ վերջին հանդիպումին թուականը՝ 12 Նոյեմբերը, համընկած է 1933ին «Արեւելեան Թիւրքիստանի հանրապետութեան» ստեղծման օրուան հետ:
Թուրքիոյ ծրագրուած ներթափանցումը Կեդրոնական Ասիա եւ Չինաստանի ներթափանցումը Մերձաւոր Արեւելք ցոյց կու տան, որ թուրք-չինական յարաբերութիւնները, հաւանաբար, ապագային կը մտնեն անհանգստացնող շրջանի մը մէջ:
Չինաստան արդէն մեծագոյն օտար ներդրողն է Իրաքի Քիւրտիստանի շինարարութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ: