ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Էրտողանի հետ:
Քրեմլինի կայքը կը հաղորդէ, որ Փութին եւ Էրտողան ամփոփեցին երկկողմ համագործակցութեան հիմնական արդիւնքները եւ վերահաստատեցին Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գործընկերութիւնը աշխուժացնելու իրենց յանձնառութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային նիւթերու, ներառեալ՝ Ռուսիոյ ապահովութիւնը երաշխաւորող համաձայնագիրներու մշակման ռուսական առաջարկներուն, Կովկասի մէջ տիրող կացութեան, սուրիական եւ լիպիական տագնապներու լուծման: