ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը անդրադարձաւ պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը Թուրքիոյ արտայանձնելու մասին շրջող տեղեկութիւններուն:
Դեսպանատունը կը յայտնէ, թէ տեղեակ է պոլսահայ մտաւորական, Հայաստանի քաղաքացի Սեւան Նշանեանի շուրջ ծաւալած գործընթացէն եւ բոլոր քայլերուն կը դիմէ՝ հարցը լուծելու նպատակով, ըսուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ:
Ինչպէս հաղորդած էինք, պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեան կրնայ Յունաստանէն Թուրքիա արտաքսուիլ:
Սեւանի՝ դէպի Թուրքիա արտաքսման վտանգներուն մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ անդրադարձած է անոր կողակիցը՝ Հերա Ցուրու:
Ցուրու գրած է, որ Յունաստանի իշխանութիւնները ոստիկանատուն հրաւիրած են իր ամուսինը, որուն կեցութեան արտօնագիրը աւարտած է օրեր առաջ եւ զինք հարցաքննած են: Կը նշուի նաեւ, որ յառաջիկայ Երկուշաբթի կրնայ վճիռ արձակուիլ՝ Նշանեանը Թուրքիա արտաքսելու գծով:
Յիշեցնենք, որ Նշանեան մօտաւորապէս հինգ տարի առաջ, Յուլիս 2017ին, խոյս տուած էր Ֆուճայի «բաց» բանտէն ու ապաստանած Յունաստանի Սամոս կղզիին մէջ:
Ան կը համարուի Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող այլախոհ մտաւորական մը, որուն՝ այդ երկիրը վերադարձուիլը կրնայ բաւական ծանր հետեւանքներ ունենալ հայազգի մտաւորականին վրայ:
Նշենք նաեւ, որ Նշանեան Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունի, ինչ որ, մասնաւորապէս այս օրերուն, կրնայ փրկութեան լաստ հանդիսանալ Թուրքիոյ արտայանձնուելու վտանգին ենթակայ մտաւորականին համար: