Երեքշաբթի, 4 Յունուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ արքեպիսկոպոս Ժոզէֆ Սփիթերիի այցելութիւնը:
Այցելութեան նպատակն էր վեհափառին փոխանցել Ֆրանսիս պապին նամակը, որուն մէջ ան նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան առիթով իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Արամ Ա.ին:
Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ նաեւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելու Վատիկանի մէջ 1 Յուլիս 2021ին տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ քաղաքական ու տնտեսական տագնապին: Պապական Նուիրակը տեղեակ պահեց վեհափառը այս ծիրին մէջ Վատիկանին կատարած աշխատանքներուն մասին, իսկ հայրապետը, իր կարգին, փոխանցեց շուրջ երկու շաբաթ առաջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին հետ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Նոյն օրը կաթողիկոսին այցելեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի էւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները:
