
17 Դեկտեմբերին, Ախալքալաքի քաղաքապետարանի «Ապագայի տուն»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծնունդին եւ Նոր տարուան նուիրուած ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան կեդրոնի սաներուն ձեռքով պատրաստուած տօները խորհրդանշող իրեր:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Տիգրանեան, Ախալքալաքի քաղաքապետ Մելքոն Մակարեան, փոխքաղաքապետ Մկրտիչ Մղդեսեան, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կրթական եւ մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով այլ հիւրեր:
Նարեկ քհնյ. Տիգրանեան իր օրհնութիւնը տուաւ եւ գնահատանքը յայտնեց «Ապագայի տուն»ի աշխատակազմին եւ սաներուն ու բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը: Ան ներկաները շնորհաւորեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով եւ մաղթեց խաղաղ, յաղթանակներով ու ձեռքբերումներով լեցուն տարի մը: