ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Դարձեալ Նոր տարի է:

Բոլորիս համար ալ կը կարծեմ, որ ամանորը զարմանահրաշ եւ իւրայատուկ խորհուրդ մը ունի իր մէջ: Անիկա նաեւ մեր բոլորին ամէնէն սիրելի տօներէն մէկն ալ է: Անիկա կու գայ ուրախութեամբ, իր հետ բերելով նոր սպասումներ եւ երազանքներ, միաժամանակ իր շուրջ սփռելով հաւատք եւ յոյս, նոյնիսկ անհաւանական թուացող զանազան իղձեր եւ մեծ ու փոքր փափաքներ:
Ընդհանրապէս տօնական օրերուն, մարդիկ կը լեցուին տեսակ մը տարբեր ու զարմանալի զգացումներով: Այսպէս՝ բարութիւն, ներողամտութիւն, բարեացակամ վերաբերմունք ու մթնոլորտ կը գծագրուին տուներէն ներս, անկեղծ զգացումներով միատեղ: Ու երանի՜ այդ տրամադրութիւնն ու ջերմ մթնոլորտը, կամեցողութիւնն ու անկեղծութիւնը իշխեն ամբողջ տարին:
Կարեւորը, ո՛չ թէ այդ երեկոյեան սեղանի վրայ տեղադրուած ուտելիքներու կամ կաղանդի ծառին տակ շարուած խաղալիքներու առատութիւնն է, այլ՝ այն տրամադրութիւնը, որ պիտի տիրէ մեր հոգիներէն ներս:
Ու պէտք է ըսել, թէ անցնող տարին բազմազան անակնկալներով լեցուն տարի մը եղաւ, բոլորիս համար: Քորոնան շարունակեց մնալ մեր երկրագունդին վրայ ու գրեթէ ամէն օր խլեց մեծ ու փոքր զոհեր:
Կը յուսանք, որ այս «նորը» հինէն տարբեր ըլլայ: Միայն բարին իր հետ բերէ: Անոր համար եւ անկեղծօրէն, կարօտի գոյն ունին մեր մաղթանքները:
Ու ամէն առիթով յիշած ենք, թէ Սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք եւ չեմ գիտեր մինչեւ երբ, բայց լաւ գիտեմ, որ ամէն բանէ առաջ ամէնօրեայ մեր մաշումին երբեմն անտարբեր ականատեսներ կը դառնանք: Ականատեսներ ենք, թէ ինչպէ՞ս մեր նախկին եւ ազգային չափանիշները խախտած են եւ սկզբունքները արժէքազրկուած:
Ամէն տեղ զգալի է բացակայութիւնը մշակութային ընդհանուր քաղաքականութեան մը, որ իր կարգին մեր սպառիչ հեւքը կրնայ թեթեւցնել:
Անգամի մը համար կ՛ուզեմ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իբրեւ հաշուեյարդար կատարող հայ անհատ՝ քննէ իր սիրտը, նայի, թէ որքանով հաւատք ունի իր ըրածին, կատարածին եւ ծրագրումներուն: Կրկնութեան գնով ըսեմ, որ ժամանակները գերազանցապէս նիւթականացած են: Նիւթականացած են նաեւ մեր բոլոր արժեւորումներն ու անոնց չափանիշները:
Ու յաճախ, անզգալաբար կը յիշենք մեր հինը… նախկինը…: Ու մտովի եւ ինչու չէ նաեւ բարձրաձայն կ՛ըսենք. «է~հ… երնէ~կ այդ օրերուն…»:
Որովհետեւ, հո՛ն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ, հո՛ն մեծերը մե՛ծ էին եւ փոքրերը փո՛քր եւ ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղէն ներս ունէր իր արդար եւ հաստատ բաժինը:
Իսկ այս օրերուն…:
Նոր տարի է…:
Անկասկած նոր յոյսեր շարուած են մարդկային կեանքի հորիզոններու վրայ: Անցնող տարուան ընթացքին ազգովին ճակատագրական պահեր, դէպքեր եւ պատահարներ կանգնեցան մեր դիմաց ու տակաւին կը յամենան: Անցնող տարին լի էր վախազդու անակնկալներով: Դրական եւ ժխտական դրական լիցքերով: Բոլորս ալ յաճախ ցնցուեցանք, երբեմն ալ յուզուեցանք, տխրեցանք, իսկ երբեմն ալ ուրախացանք: Բնական է: Անոր համար միշտ բարին մաղթեցինք, աղօթքներով ու բարեմաղթութիւններով մեր ժամերը օծեցինք:
Գիտեմ, քաջ գիտեմ, որ ձայնս հիմա քիչ մը խոր է: Շատ խոր: Բայց կը կարծեմ, որ միեւնոյն ժամանակ ջերմացնող ալ է:
Հայրենիք մը ունինք, որ մեր բոլորին կը պատկանի, եւ հոն կայ ամէն տեսակի դժուարութիւն: Հարց: Տագնապ: Բայց կարծես լուծում չկայ: Հո՛ն, այս օրերուն եւ դժբախտաբար, այնպէս կ՛երեւի, թէ բացակայ են ազգային ոգիով շաղախուած արմատական կարգադրութիւնները:
Իբրեւ հայ եւ հայ ազգի հանդիսատես, մաղթանքս է, որ մենք հայերս, ղեկավարներ կամ պարզ քաղաքացիներ, արթննանք, լուսաւոր եւ բարի զգացողութեամբ դիմաւորենք այս «նորը», անտարբեր չանցնինք ազգային «գեղեցիկ»ին «լաւագոյն»ին քովէն: Սորվինք գոհանալ, շէնցնել, զարգացնել մեր երկիրը ու շնորհակալ ըլլալ իւրաքանչիւր նոր բացուող օրուան համար: Այլ խօսքով, նաեւ զիրար յարգենք:
Յուսանք, որ 2022 տարին, միայն լաւն ու բարին իր հետ բերէ: Մեր երկրին ու մեր ժողովուրդին բերէ սէր եւ խաղաղութիւն: Հայութիւնը այս օրերուն կը գտնուի իր պատմութեան գրեթէ ամէնէն դժուար, անորոշ ու ծանր հանգրուանին մէջ: Բոլորս ալ հասկնանք, որ ուր ալ գտնուինք, մեր դրախտավայրը, մեր միակ հայրենիք՝ Հայաստանն է: Որովհետեւ, մեզի համար մեր հողը, մեր երկիրը միշտ ալ եղած է անփոխարինելի վայր եւ սուրբ մասունք: Ուրեմն ծաղկեցնենք եւ դարձնենք մեր երկիրն իսկական դրախտավայր: Ամէն անգամ սոյն յանկերգը կրկնած եմ: Յոգնեցանք յիշեցնելէ: Յաճախ կը մոռնանք, որ հողի եւ ազատութեան համար արիւն թափած ենք: Ասոնք նորութիւններ չեն: Կ՛ապրինք ամէն վայրկեան անսպասելի փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ: Ու տակաւին վարանում կայ մեր մտքերուն մէջ: Մեր մտքերը նոր զարթօնքի մը կարիքը ունին: Ամէն առիթով ահազանգած ենք այս մէկն ալ: Պատրաստ չենք իրականութիւնը յանձն առնելու: Սեփական ուժերու նկատմամբ վստահութեան պակասը զգալի է: Իրարու հանդէպ անվստահութիւն կայ:
Ժամանակը մեզի շատ բաներ կը թելադրէ: Սփիւռքի համար էական է այս մէկը: Բոլորիս համար մեր պետականութիւնը մեր նկարագիրն է: Մեզի համար նաեւ կարեւոր է մեր գիտակցութեան հասունութիւնը:
Պարտութիւն կամ յաղթանակ կարեւոր չեն: Կարեւորն ու էականը կռուելու, դիմակայելու, դիմադրելու մեր բոլորին ընդունակութիւնն է: Մեր մարտունակութիւնը: Կեանքի բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու մեր պատրաստակամութիւնը: Մեր կամքը:
Մինչ այդ… միասնաբար ապրինք հայ ըլլալու հաճելի եւ դժուար փորձառութիւնը:
Մնացէ՛ք առողջ ու կայտառ:
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ նոյնքան ալ՝ բարի Կաղանդ՝ բոլորիդ:
bedig43@aol.com