(1847-1930)
«Թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր Սրբարանը»
Գէորգ. Ե. Վշտալի Կաթողիկոս
«Նայեցէք, մեզ միայն մնացել է Երեւանն ու Էջմիածինը… եթէ հերոսութեան չդիմենք, ամէն ինչ կորցնելու ենք»
Գարեգին Եպս. Յովսէփեան
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի վերջին դարու պատմութեան երկնակամարին վրայ, լուսաշող եւ փայլատակող աստղ մը կը հանդիսանայ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսը, որ իր կաթողիկոսութեան տարիներուն մեր ժողովուրդը ամէնէն մռայլ, տխուր եւ խաւար տարիները ապրեցաւ:

Գէորգ Ե. վեհափառի կաթողիկոսութեան (1911-1930) հայ ժողովուրդը տեսաւ Ցեղասպանութիւն, տեղահանութիւն, աքսոր, սովամահութիւն, համաճարակ եւ այլատեսակ զրկանքներ եւ ցաւեր:
Պատմական այդ դժուար օրերուն, Վեհափառ Գէորգ Ե. կաթողիկոսի ներկայութիւնը դեղ եւ բալասան եղան մեր վշտահար եւ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ խլեակներու վերածուած, բայց իր յոյս եւ հաւատքը բնաւ չկորսնցնող հայ փառապանծ ժողովուրդին համար:
Նմանապէս Գէորգ Ե. կաթողիկոսը տեսաւ եւ մասնակից եղաւ Սարդարապատի անունով մկրտուած հերոսական ճակատամարտերուն, եւ վերջապէս բախտը ունեցաւ Մայիս 28, 1918ին տեսնելու, դիմաւորելու եւ ողջունելու ազատ եւ անկախ հայրենիքը:
Դժբախտաբար անկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքը կարճ տեւեց, ուր Հայաստանը Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով կորսնցուցինք այդ հանրապետութիւնը եւ իշխանութեան եկան հակակրօն եւ անաստուած ղեկավարներ, որոնք մեծ դժուարութիւններ տուին ռուսական, վրացական եւ հայաստանեան ուղղափառ եկեղեցիներուն:
Այդ օրերուն, Գէորգ Ե. կաթողիկոսը կոչ ըրաւ ժողովուրդին, որ չդիմադրեն ստալինեան օրերուն եղած հալածանքներուն եւ դժուարութիւններուն, զուսպ ըլլան եւ սպասեն մինչեւ որ «այդ սեւ ամպերը անհետանան մեր երկրի վրայէն»:
Այդպէս ալ եղաւ, Ստալինն ու Բերիան անցան եւ մեր Հայց. Առաքելական եկեղեցին մնաց:
***
Հոգելոյս Գէորգ Ե. կաթողիկոսը ծնած է Թիֆլիս, Օգոստոս 28, 1847ին: Իր նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի տեղական վարժարանի մէջ, ապա Էջմիածին անցած է եւ ուսանած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանէն ներս:
1882ին կը ձեռնադրուի վարդապետ, կը դասաւանդէ Գէորգեան ճեմարանին մէջ:
Գէորգ Ե. կաթողիկոսը Առաջնորդ եղած է Արցախի, Գիւմրիի, Երեւանի, Վրաստանի եւ Աստրխանի (Ռուսիա) թեմերուն: Այս թեմերէն ներս ունեցած է վիթխարի գործունէութիւններ: Հոգեւոր, մշակութային, ազգային բազմերես գործունէութիւններ ծաւալած է այդ թեմերէն ներս: Իր վարչական արտակարգ կարողութիւններուն համար, 1907ին Էջմիածին կը հրաւիրուի վարելու համար Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օգնականի պաշտօնը, իսկ 1911ին կ՛ընտրուի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս:
Երջանկայիշատակ Կաթողիկոսը իր մահկանացուն կնքեց Մայիս 8, 1930ին:
Հոգելոյս վեհափառին մարմինը թաղուեցաւ Ս. Էջմիածին իր հոգեւոր եղբայրներու կաթողիկոսներու պանթէոնին մէջ:
***
Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. կաթողիկոսը նամակներ եւ գիրքեր կը ստորագրէր «Վշտալի Կաթողիկոս» անունով, քանի որ ինչպէս յիշեցինք, հայոց պատմութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը պատահած էր իր գահակալութեան տարիներուն, Վասպուրականի հայութեան գաղթը դէպի Հայաստան բազմաթիւ որբերու եւ սովածներու Ս. Էջմիածինի մէջ պատսպարելու դժուարին բայց անխուսափելի գործը կատարելով:

1917ի Հոկտեմբերին Ռուսաստանի մէջ կատարուած յեղաշրջումէն ետք, ռուսական բանակի զինուորները լքեցին կովկասեան ռազմաճակատը, հայ ժողովուրդին համար ստեղծելով շատ վտանգաւոր վիճակ մը, որմէ օգտուեցաւ թուրքը եւ սկսաւ յարձակիլ Հայաստանի վրայ:
1918ի մայիսեան օրերուն, թուրքերը յաջողեցան գրաւել Էրզրումի եւ Կարսի բերդաքաղաքները, ապա Մայիս 26ին մտան Ալեքսանտրափոլ (այժմ Գիւմրի): Թուրքերը կը պատրաստուէին յարձակիլ Երեւանի վրայ: Այդ օրերուն հայոց զօրքի հրամանատարն էր Նազարբեկեան, որ Էջմիածին կը ղրկէ գնդապետ Սիլիկեանին, որպէսզի կաթողիկոսին առաջարկէ միաբանութեան հետ հեռանայ Ս. Էջմիածինէն եւ Սեւանայ կղզի ապաստանիլ, քանի որ Էջմիածինը մօտ է Երեւանի եւ Էջմիածինը կրնայ թշնամիին ձեռքը անցնիլ: Երբ գնդապետ Սիլիկեան այդ առաջարկը կ՛ընէր, կաթողիկոսը ոտքի կը կենայ եւ վճռական շեշտով կ»ըսէ. «Ես ոչ մէկ տեղ չեմ գնայ գեներալ: Ես իմ ժողովրդից չեմ հեռանայ: Թող թուրքերն իմ դիակի վրայով մտնեն Էջմիածին, եթէ դուք չէք կարող պաշտպանել մեր հայրենի սրբութիւնը, ես կը պաշտպանեմ: Մեր միաբաններին հետ Մայր տաճարում կը հաւաքուենք, կ՛աղօթենք մեր զօրքի յաղթանակին համար եւ կռուի օրերին հրահանգ կը տանք հնչեցնել Էջմիածնի եւ ողջ Հայաստանի եկեղեցիներին զանգերը»:
Գնդապետ Սիլիկեանի կարծիքով, կաթողիկոսի ըսածը լոկ գեղեցիկ խօսք էր, ոչ աւելին ոչ պակաս: Գնդապետ Սելիկեանին կը հետաքրքրէր նաեւ ամբողջ միաբանութեան կարծիքը, արդեօք անոնք կը ցանկանան, որ միաբանութիւնը նման վտանգի մը առաջ դրուի:
Կաթողիկոսին կարգադրութեամբ, դիւանապետը Վեհարան հրաւիրեց միաբանութեան բոլոր անդամները, եւ երբ բոլոր միաբանները արքեպիսկոպոսներէն մինչեւ աբեղաները հաւաքուեցան: Վեհափառը անոնց ներկայացուց սպասուող վտանգը եւ առաջարկը, որն էր՝ Ս. Էջմիածինը ձգել եւ Սեւան կղզի ապաստանիլ, ապա յայտնեց իր որոշումը. «Ես անձնապէս չեմ հեռանայ, թող թշնամին իմ դիակի վրայով մտնի մեր Սրբարանը, դուք ամէնքդ ազատ էք անելու այն, ինչ կամենում էք…»:
Կաթողիկոսի այդ խօսքերը, միաբաններուն մէջ անսպասելի իրարանցում յառաջացուց: Բոլորը միահամուռ վստահեցուցին վեհափառին, որ իրենք նոյնպէս ոչ մէկ տեղ չեն երթար եւ մինչեւ մահ կը մնան իրեն հետ:
«Որ այդպէս է եղբայրներ, այսօրուանից իւրաքանչիւրդ պէտք է մի մի Ղեւոնդ Երէց ըլլաք եւ գնաք խրախուսէք զօրքին եւ ժողովրդին… գնացէք գիւղ եւ քաղաք ոտքի հանեցէք եւ ոտքի հանէք ամէնքին… եւ ամէն տեղ գիւղում կամ քաղաքում քաշեցէք եկեղեցիներու զանգերը գիշեր եւ ցերեկ, որ ամէնքը ոտքի ելլեն եւ իրենց տունն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար…», կը շարունակէ յուզուած կաթողիկոսը:
Այդպէս ալ եղաւ, Վեհարանէն դուրս ելլելով, հոգեւոր բոլոր միաբանները, իւրաքանչիւրը շտապեց վեհափառին խօսքը գործադրելու, հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան համար:
Մայիս 22ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարէն մինչեւ բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջէին, ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով զինուած, դանակներով, բահով եւ բրիչով դաշտ նետուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Այդ ճակատագրական, վճռորոշ օրերուն, վեհարանէն ուղղակի պատերազմի դաշտ կը մեկնի նաեւ Ս. Էջմիածնի գիտնական միաբաններէն, Գէորգեան ճեմարանի տեսուչ Գարեգին եպս. Յովսէփեան, որ յետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուեցաւ): Սրբազան հօր այցելութիւնը մարտնչող բանակին եւ կամաւորներուն համար եղաւ անկիւնադարձային, որովհետեւ այդ օր հայ զինուորները եւ կամաւորները մտահոգ էին, թշնամին մեծ ուժով եւ բանակով կու գար եւ հայ զինուորները կը կարծէին ոչ մէկ հայկական ուժ կրնար կեցնել այդ ուժը: Անոնց համար ոգեւորող խօսքերը չէին ազդեր: Շատ լսած էին «հայրենիք, ժողովուրդ, հայրենասիրութիւն»: Այս բառերը չէին ազդեր մարտնչող հայ բանակին վրայ, որովհետեւ ոչ ոք կրնար այդ վիճակը փոխել կամ դիմադրել:
Այդ աղէտալի օրը Ս. Էջմիածնի միաբան Գարեգին եպս. Յովսէփեան հայրենասիրական ճառ մը կը խօսի ժողովուրդին, յատկապէս զօրքին յաղթանակի հաւատքը զօրացնելով անոնց մէջ:
«Հայ ժողովուրդը օրհասական կռիւներ շատ է ունեցել, եւ միշտ էլ ելք մը գտել է փրկելու իրեն: Ելքը եղել է անձնազոհ հերոսութիւնը… յետ նայեցէք, մեզ միայն մնացել է Երեւանն ու Էջմիածինը… եթէ հերոսութեան չդիմենք, ամէն ինչ կորցնելու ենք ի սպառ? այլեւս չի լինի ոչ հայ, ոչ հայի հայրենիք…»:
Զօրքը հանգիստ կը լսէր, ոչ մէկ գանգատ, խօսք կամ արտայայտութիւն:
Հայրենասէր եպիսկոպոսը յուզուած կը շարունակէ խօսքը. «Հայրենակիցներ, եղբայրներ եւ որդիներ, հին դարերուն, երբ հայոց բանակը պատրաստւում էր թշնամու դէմ կռուելու համար, նրա հրամատարները գալիս էին կաթողիկոսին մօտ, նրա Աջը համբուրելու եւ օրհնութիւններ առնելու: Բայց այս անգամ վտանգն այնքան մեծ է եւ ահաւոր, որ ես Սուրբ Էջմիածնից եկել եմ Գէորգ Ե. հայրապետին խնդրանքը եւ օրհնութիւնները բերելու եւ ես անձամբ վեհափառի կողմէ ձեր ձեռքը համբուրելով, կը խնդրենք, որ փրկէք մեր հայրենիքը, փրկէք ձեր պատիւը, հայի պատիւը»:

Սրբազանը խօսքը կ՛աւարտէ հեկեկալով եւ արտասուելի աչքերով:
Սրբազան հօր հոգեցունց խօսքերէն ետք, բանակին զինուորները, ամէն ինչ արհամարհելով, մարտի նետուեցան դէպի առաջ շարժելով:
Կռուի ելան բոլորը՝ երիտասարդ, թէ տարեց, տղամարդ, թէ կին, բոլոր խաւերէն, տարբեր կուսակցութիւններէ մարդիկ, հոգեւորականներ, ֆետայիներ, Երեւանէն կամ Էջմիածին ապաստան գտած արեւմտահայ գաղթականներ, բոլորը ջոկատներ կազմած նետուեցան պայքարի եւ իրենցմէ շատ մեծ թիւով եւ զէնքով թրքական բանակին ետ շպրտեցին մեր Սուրբ հողերէն:
Այսօր մեր ժողովուրդը կ՛ապրի Սարդարապատի կամ Աւարայրի ճակատամարտերուն նմանող օրեր: Թուրք եւ ազերի վոհմակներ դարձեալ մահ ու աւեր կը գործեն հայրենի մեր ժողովուրդին եւ հողերուն վրայ:
Ուրախ ենք տեսնելու, որ ներկայիս մեր հոգեւոր պետերը եւ եկեղեցիներու հովիւները մէկական Գէորգ Ե. կաթողիկոսի ոգիով թրծուած, գիշեր-ցերեկ կը գործեն մեր դժբախտացած ժողովուրդի ծով կարիքներուն հասնելու համար:
Մեր ներկայ հոգեւոր հայրերը աղօթքով, սէր եւ համերաշխութիւն յորդորելու կողքին, մեր ժողովուրդի կողքին եղած են եւ ներկայիս ալ իրենց զօրակցութեամբ եւ օժանդակութիւններով կը սատարեն թէ՛ բանակին եւ թէ ժողովուրդին:
Հազար փառք մեր անցեալի եւ ներկայի հայրենասէր եւ ազգասէր կղերականներուն:
Թող անոնց եւ մեր եկեղեցւոյ շուքը եւ ներկայութիւնը անպակաս ըլլան մեր ժողովուրդի վրայէն: