Թուրքիոյ մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Ճանճկաւա յայտնեց, որ Վրաստան պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափով երկրորդ հանդիպումին, որ պիտի գումարուի Թուրքիոյ մէջ: Այս մասին վրացի դիւանագէտը խօսեցաւ թրքական «Տէյլի Սապահ» թերթին հետունեցած իր հարցազրոյցի ընթացին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած էր, որ Վրաստան պիտի մասնակցի հարթակի երկրորդ հանդիպումին:
Ճանճկաւա բացատրեց, որ Վրաստան, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը նկատէ ռազմավարական գործընկերներ, իսկ Հայաստանը՝ պատմական եւ լաւ դրացի: «Սակայն Ռուսիա երկիր մըն է, որ բռնագրաւած է Վրաստանի տարածքին 20 առ հարիւրը», ըսաւ Ճանճկաւա:
Յիշեցնենք, որ «3+3» ձեւաչափի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Դեկտեմբերին: Հանդիպումին մասնակցած էին Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պատուիրակութիւնները` արտաքին գործոց փոխնախարարներու գլխաւորութեամբ: