Կիրակի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան, օրհնութեամբ եւ բարձր հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի՝ առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն նուիրուած սիմֆոնիկ համերգ, մասնակցութեամբ «Շնորհալի» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Րաֆֆի սրկ․ Միքայէլեանի:
Այդ օր, Մայր տաճարը լեփլեցուն էր հարիւրաւոր հանդիսականներով, պաշտօնական հիւրերով, արուեստագէտներով, թեմական եւ ծխական անդամներով, ինչպէս նաեւ թեմի բարերարներով։
ամերգը սկիզբ առաւ Վազգէն քհնյ․ Մովսէսեանի աղօթքով եւ բացման խօսքով, որմէ ետք ներկաները մեծ հիացումով ունկնդիր դարձան հոգեթով մեղեդիներով եւ երաժշտական աննման ելեւէջներով հարուստ կատարումներուն։
Համերգին ընթացքին հնչեցին թէ՛ ազգային, հոգեւոր եւ թէ համաշխարհային նշանաւոր երաժիշտներու գործեր։
Համերգի վերջաւորութեան, օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեան, որ իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն այս գեղեցիկ իրադարձութեան մասնակից եւ ունկնդիր ըլլալնուն համար։

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս գեղեցիկ երաժշտական համերգով, ազդարարիչ մեկնարկը տրուեցաւ Սուրբ Ծննդեան նախատօնական շրջանին, «քանզի աստուածաշնորհ այս երաժշտութիւնը, երգերը նաեւ մեր քրիստոնէական սիրոյ, մեր միասնականութեան, վերապրումի եւ վերազարթնումի անխօս թարգմանը կը հանդիսանան»։
Ապա սրբազան հայր իր խօսքի վերջաւորութեան առաջարկեց, որ յոտնկայս բուռն ծափողջոյններու արժանացնեն այս երեկոյթին բեմի վրայ մէկտեղուած բոլոր արուեստագէտները, որովհետեւ անոնց կատարումներով այս բացառիկ համերգը անմոռանալի ու անջնջելի հետք ձգեց բոլորի սիրտերուն մէջ։
Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Համերգը սփռուեցաւ ուղղակի համացանցի վրայ, հասանելի դառնալով բոլորին։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ