
Նոր Տարուան մեր այս բացառիկ թիւով, «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը եւ տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք այս թիւը դարձուցին թերթի պատմութեան մէջ ամէնէն յաջող թիւը։ Կ՛ուզենք յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնել հետեւեալներուն.
– Մեր աշխատակիցներուն, որոնց գրութիւնները եւ ակնարկները այլազանութիւն կը բերեն մեր էջերուն.
– Մեր թղթակիցներուն, որոնց հարցազրոյցները եւ թղթակցութիւնները մեզ յուզող ամէնօրեայ հարցերուն ծալքերը կը յստակացնեն.
– Մեր նուիրեալ անձնակազմին, որուն անխոնջ ջանքերը կարելիութիւն կու տան «Ասպարէզ»ին՝ անխափան շարունակելու համայնքին սպասարկելու իր առաքելութիւնը.
– Մեր ծանուցողներուն, որոք կը շարունակեն գիտակցիլ, թէ «Ասպարէզ»ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի իրենց արտադրութիւնները եւ սպասարկութիւնները ջատագովելու աշխատանքին մէջ.
– Մեր առատաձեռն նուիրատուներուն, որոնց հաւատքը հանդէպ «Ասպարէզ»ի առաքելութեան կը մղէ զիրենք՝ շարունակելու իրենց զօրակցութիւնը, երաշխաւորելով մեր բարգաւաճումը։