ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- 2021ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ ֆոնտը 33 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրած է Հայաստանին եւ Արցախին։ Առաքուած օժանդակութիւնը ընդգրկած է COVID-19-ով վարակուած հիւանդներու խնամքին համար հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղէ, սրտի եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար, առաւել առողջաբանական (hygienic) պիտոյքներ եւ ընթերցանութեան ակնոցներ։
2021ի վերջին երեք ամիսներուն միայն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը 11.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ առաքած է Հայաստան եւ Արցախ։ Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ ֆոնտը դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ ապահոված է Direct Relief կազմակերպութենէն (8.4 միլիոն տոլար արժողութեամբ) եւ AmeriCares կազմակերպութենէն (2.8 միլիոն տոլար)։ Այս ժամանակաշրջանին մեծարժէք ապրանքներ նուիրած է նաեւ Project Agape կազմակերպութիւնը (271,000 տոլար)։
Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքը եւ բժշկական ու առողջաբանական պիտոյքները առաքուած են ՀԲԸՄի «Քլոտիա Նազարեան» Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական կեդրոնին, Արաբկիր Միացեալ Մանկական Բարեգորածական հիմնադրամին, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան ֆոնտին (FAR), Քանաքեռ-Զէյթուն Բժշկական կեդրոնին, «Մեծն Ներսէս» Բարեգործական կազմակերպութեան, «Մուրացան» Մանկական Գեղձաբանական կեդրոնին, Ռ. Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոնին, եւ Հայաստանի ու Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւններուն։
Անցեալ 33 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը եւ զայն նախորդած Միացեալ Հայկական ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին տրամադրած են 947 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2518 ծովային արկղերով։
«Հայաստան Արցախ ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան՝ աւելցնելով․ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. ե-նամակի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։