ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան անընդունելի նկատեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի կեցուածքը՝ Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս կեդրոնական շրջանի ղեկավար, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածու Վալերի Փեքրեսի հասցէին:
Ըստ «Նուվէլ տ՛Արմենի«ի՝ այս մասին նախարարը խօսեցաւ խորհրդարանին մէջ՝ երեսփոխաններուն հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին:
Ժան Իվ Լը Տրիան հաստատեց, որ Ալիեւի յայտարարութիւնները ձեւով եւ բովանդակութեամբ անընդունելի են՝ յայտնելով, թէ այդ մասին փոխանցեց Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին:
Յայտնենք, որ այս տարուան սկիզբը Հայաստան եւ Արցախ այցելած Փեքրես Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»ին վրայ ներառուեցաւ, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւն կանչուեցաւ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր յղուեցաւ բողոքի գիր»: