
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ
Գաղթականները Կիպրոսէն Մինչեւ Ալճերիա
Կիպրոսէն կը հաղորդեն, թէ մինչեւ Դեկտեմբերի կէսը Կիլիկիայէն 16 շոգենաւեր ինը հազարէ աւելի գաղթականներ փոխադրած են հոն, սակայն հազիւ 2166 հոգի ընդունուած են:
Գաղթականներով բեռնաւորուած 6-7 շոգենաւեր Լարնաքայի առջեւ խարսխուած են եւ հովի խստութեան պատճառով կարելի չէ եղած պարէն հասցնել անոնց: Յունական հիւպատոսը յաջողած է վերջապէս պարէն ղրկել իւրաքանչիւր շոգենաւի, մինչեւ Ուրլա (Զմիւռնա) հանելու համար:
Կիպրոս ցամաք ելլող գաղթականութեան մէջ կան վաճառականներ, արհեստաւորներ եւ 6-700 գործաւորներ, որոնցմէ արհեստաւորները միայն գործ կրցած են գտնել:
Թէ՛ Կիպրոսի եւ թէ Լարնաքայի մէջ յանձնախումբեր կազմուած են, գաղթականներուն օժանդակելու համար:
Կիպրոսէն Պետրոս եպս. Սարաճեան Լարնաքա գացած է: Միւս կողմէ, Հաճընի միսոնարուհին՝ Միս Պրէտէմս, նիւթապէս սկսած է օգնել չքաւորներուն:
Լարնաքայի կառավարիչը Դեկտեմբերի սկիզբը իր քով կանչած է յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ յայտարարած է, թէ նոր հրահանգի մը հետեւանքով Կիպրոս ապաստանող գաղթականները ներս պիտի ընդունուին, եթէ կառավարութեան վրայ բեռ չըլլան անոնք:
Նաեւ, Մերսինէն Եգիպտոս երթալու համար, «Ճերկովիա» շոգենաւը 350 գաղթականներով Աղեքսանդրիա գացած է: Հոն երկար սպասելէ ետք, շոգենաւը գաղթականները կը փոխադրէ Ալճերիա:
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅԵՐԸ ԿԸ ԳԱՂԹԵՆ
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին (ամերիկեան բարեսիրական Near East Relief կազմակերպութիւն) հասած հեռագիրներուն համաձայն, տասը հազար հայեր ելած են Պէյրութ, հազարաւոր ուրիշներ փախած են Թրիփոլի, Տիւրոս (Սուր) եւ Սիդոն:
«Երբ ֆրանսացիք սկսան քաշուիլ, հայերը, որոնցմէ շատեր կը տառապէին սնունդի չգոյութենէ, փախուստի դիմեցին, խուսափելու համար թուրքերէն», կը ծանուցեն հեռագիրները:
ԳԱՂԹԸ ԴԷՊԻ ՍԻՒՐԻԱ
Տէօրթ Եօլի առաջնորդ Փառէն վրդ. Մելքոնեան Դեկտեմբեր մէկ թուականով կը գրէ, թէ ֆրանսական կառավարութեան արտօնութեամբ, արդէն ժողովրդեան կէսէն աւելին մեկնած է Սիւրիա, իսկ մնացեալները փոխադրելու համար դիմումներ կատարուած են Պէյրութի իշխանութեանց մօտ: Այժմ Տէօրթ Եօլի մէջ 5000ի մօտ կիներ եւ փոքրիկներ կան:
Յունուար 20, 1922, թիւ 820