
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 18 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ 2021ին կատարուած եւ 2022ին նախանշուած աշխատանքներուն:
Ան նախ խօսեցաւ անմիջապէս պետական նախարարի աշխատակազմին կողմէ 2021ին մշակուած եւ Արցախի կառավարութեան համաձայնութեան արժանացած ծրագիրներուն:
Ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ բնակարանային ապահովման ծրագիրներուն: Կազմուած եւ պետական նախարարի կառավարման հովանիին տակ կը գործէ Արցախի բնակարանային հարցերու կոմիտէն, որ կ՛ընդունի դիմումներ, կ՛ուսումնասիրէ, ապա կը հաստատէ կամ կը մերժէ զանոնք, կը կազմէ հերթացուցակները՝ ըստ Արցախի կառավարութեան կողմէ սահմանուած առաջնահերթութեան միաւորներու համակարգին:
Տեղահանուած անձերու բնակարանային ապահովուածութեան հարցին գործադիրի հետեւողականութիւնը պետական նախարարը հաստատեց թիւերով: «Մօտ 16 հազար մարդ այժմ Արցախում օգտւում է վարձակալութեան ծրագրերից եւ հիւրանոցային ծառայութիւններից, զուգահեռաբար կառավարութիւնը շարունակում է տեղահանուած եւ սոցիալական (ընկերային) այլ խմբերի պատկանող անձանց նկատմամբ իր պարտաւորութիւնների կատարումը՝ զարկ տալով բնակարանաշինութեանը: Չհաշուած վերջին ամիսներին յատկացուած բնակարանները՝ այսօրուայ դրութեամբ Հանրապետութիւնում կառուցւում է 2862 բնակարան, եւ առաջիկայում նոր ծրագրեր էլ կը մեկնարկեն՝ Հանրապետութեան նախագահի նախանշած առաջնահերթութիւններին համապատասխան», ըսաւ ան:
Բեգլարեան անդրադարձաւ նաեւ իր համակարգման եւ կառավարման հովանիին տակ գտնուող մարմիններու գործունէութեան, ոլորտային հիմնահարցերուն ու յառաջիկայի ծրագիրներուն: Ըստ Հանրապետութեան նախագահի նախընտրական ծրագիրին՝ Արցախի մէջ պիտի շարունակուին անվճար առողջապահութեան եւ անվճար կրթութեան ծրագիրները:
Իբրեւ պատասխան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն՝ լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերը: Արտակ Բեգլարեան խօսեցաւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, սահմանադրական հնարաւոր փոփոխութիւններու, պաշտօնատար անձերու աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան եւ թափանցիկութեան ու շարք մը այլ հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիթերու մասին: