
Այսու կը ծանուցենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, թէ Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022ին, ձեռամբ Սուրբ Աթոռոյս սրբազնագոյն կաթողիկոսին՝ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայրապետական նստավայր Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ