
ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Շանթ Սահակեանի կողմէ ներկայացուած՝ վարչութեան անդամներու պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը սահմանափակելու առաջարկը միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ վարչութեան կողմէ։
Ըստ առաջարկին՝ ապագային վարչականները կրնան առաւելագոյնը երեք անգամ պաշտօնավարել։ Պաշտօնավարութեան մէկ շամանակաշրջանը չորս տարի է։
Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անդամներուն, որ վաւերացուցին վարչութեան գործունէութիւնը բարելաւելու նպատակով իր ներկայացուցած առաջարկը, զայն «կենսական բարեկարգում մը» նկատելով։
Որոշումը պէտք է հաստատուի նաեւ քաղաքին ժողովուրդին կողմէ, երբ հարցը քուէարկութեան դրուի այս տարուան Յունիսին։