
Քալիֆորնիա նահանգի Շըրմըն Օքս քաղաքի Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանի Հոգաբարձուներու խորհուրդը սկսած է տնօրէնի լայնածաւալ որոնումներու՝ առաջնորդելու դպրոցի նախամանկապարտէզէն-ութերորդ դասարաններու ուսումնական ծրագիրը։ Նոր տնօրէնը պատասխանատու պիտի ըլլայ կառուցելու եւ զարգացնելու դպրոցի աշխատակազմը եւ սկսելու աշակերտներու ուսուցման, մշակութային եւ հոգեւոր զարգացման նոր դարաշրջան մը։
«Քանի նախնական եւ միջնակարգ դպրոցներու կրթութեան բնակավայրը կը զարգանայ եւ կ՛ընդլայնի եւ կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր ուսանողի իւրայատուկ կարիքներուն վրայ, մենք ոգեւորուած ենք իրականացնելու «Մերտինեան»ի ապագայի թարմացուած տեսլականը, առաջնորդուած անսահման ստեղծագործ եւ սուր մտատեսութիւն ունեցող ղեկավարով մը» ըսաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ցոլեր Ուգայեան՝ աւելցնելով․ «Մենք անհամբեր կը սպասենք աշխատելու եւ աջակցելու նոր տնօրէնին հետ՝ յառաջ մղելու «Մերտինեան»ի առաքելութիւնը՝ նորահաս միտքերուն տալով գերագոյն ակադեմական հմտութիւն՝ խարսխուած հայկական եւ քրիստոնէական արժէքներու վրայ»։
Իտէալ թեկնածուն պէտք է ունենայ Մագիստրոս աստիճանի վկայական եւ/կամ աւարտած յետ-ընթացաւարտ աշխատանք՝ դպրոցի կառավարման, ուսումնական ծրագիրի եւ ուսուցման կամ յարակից ոլորտներու մէջ։ Թեկնածուն պէտք է ունենայ նաեւ Քալիֆորնիոյ կառավարման եւ/կամ դասաւանդման վաւերական վկայագիրներ եւ հինգ տարուան դասաւանդման եւ/կամ վարչական փորձառութիւն։ Նախընտրելի է հայերէնի եւ հայ քրիստոնէական արժէքներու իմացութիւնը։
Բոլոր որակեալ թեկնածուները կը քաջալերենք՝ ներկայացնել իրենց դիմումնագիրը նամակով եւ իրենց տուեալներով (resumé), ուղղուած հետեւեալ ե.նամակ հասցէին board@merdinianschool.org: