ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը յանձնառու է շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ արդարադատութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման ոլորտներուն մէջ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգների արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսի՝ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Արման Դիլանեանի հետ հանդիպման ընթացքին:
Դեսպանին կ՛ընկերակցէին Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան ժողովրդավարութեան, կառավարման եւ իրաւունքի գերակայութեան ծրագիրներու պատասխանատու Քելի Սթրիքլենտ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան (ԹՊԻՀ) գրասենեակի տնօրէն Ալեքսիս Հաֆթուանի եւ դեսպանութեան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի փոխղեկավար Քիմպըրլի Զեփֆըլ:
Արման Դիլանեան բարձր գնահատեց հայ-ամերիկեան փոխգործակցութիւնը եւ դատաիրաւական ոլորտին մէջ երկկողմ օրակարգի իրագործման ուղղութեամբ շարունակաբար տարուող աշխատանքը: Ըստ անոր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական դատարանը ունի ներքին բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգ մը եւ հաստատակամ է զայն կեանքի կոչելու, ուստի միջազգային գործընկերներուն, որոնց կարգին Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը առաւել եւս կը խթանէ անոնց բարեյաջող իրականացումը:
Իր կարգին դեսպան Թրէյսի հաստատեց, որ ամերիկեան վարչակազմը յանձնառու է շարունակելու սերտ համագործակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ արդարադատութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման ոլորտներուն մէջ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համատեղ ծրագիրներու իրականացման հեռանկարներուն շուրջ: