ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 2020ի աշնան ծաւալած Ղարաբաղի 44օրեայ պատերազմէն ետք, պատերազմական գօտիին մէջ յայտնաբերուեցան առաւել քան 1700 աճիւններ, հարիւրաւոր մարդիկ տակաւին անհետ կորսուած կը նկատուին: Այս տեղեկութիւնները տուաւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ):
ԿԽՄԿն այն քիչ միջազգային կառոյցներէն է, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կը կատարեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
«Շուրջ 300 անձեր տակաւին անհետ կորսուած կը նկատուին 2020ին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր: Նոյեմբեր 2020ին, զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք յայտնաբերուեցան առաւել քան 1700 անձերու աճիւնները, եւ սկսաւ անոնց ինքնութիւնը պարզելու եւ զանոնք ընտանիքներուն վերադարձնելու գործընթացը», կ՛ըսուի կառոյցի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ: