ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստորագրեց Սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի կազմը հաստատող որոշումը: Այս մասին կը տեղեկանանք e-gov.am կայքէն:
Ըստ որոշման՝ կազմուած է սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդ, հաստատուած է խորհուրդի անհատական կազմը եւ անոր գործունէութեան կարգը: Խորհուրդի կազմութենէն ետք՝ երկամսեայ ժամկէտի մը ընթացքին, կը կազմուի սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովը:
Խորհուրդին նախագահ նշանակուեցաւ արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան: Խորհուրդի անհատական կազմին մէջ ընդգրկուած են՝ Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչը, Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովի նախագահը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Վիգէն Քոչարեանը, Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանը, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեանը, «Հանրապետութիւն»էն՝ Մասիս Մելքոնեանը, «Հելսինկեան քաղաքացիական ասամբլէայի Վանաձորի գրասենեակ» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Սաքունցը, «Իրաւունքի Եւրոպա» հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Եգորեանը եւ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութենէն Դանիէլ Իոաննիսեանը:
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պոյքոթի ենթարկեցին այս նախաձեռնութիւնը եւ թեկնածուներ չառաջադրեցին: