ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Չորեքշաբթի, 2 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը, Պըքրքէի մարոնիթ պատրիարքարանին մէջ, առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Քալակար արքեպիսկոպոսին հետ:
Վեհափառը եւ նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 Յուլիս 2021ին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ անոր՝ Լիբանանի մէջ անդրադարձին:

Վատիկանի արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին եւ պետական պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն:
Հայրապետը առաջարկեց, որ Վատիկան, Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններէն առաջ, քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպէ Վատիկանի մէջ՝ իբրեւ ամբողջացուցիչ քայլ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին:
Նախարար Քալակար սկզբունքով համաձայն գտնուեցաւ Արամ Ա․ի առաջարկին եւ վստահեցուց, որ Լիբանանի իսլամ հոգեւոր պետերուն հետ ունենալիք իր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի արծարծէ այս նիւթը:
Հանդիպման աւարտին Ռաաի պատրիարքը ճաշկերոյթ մը կազմակերպեց ի պատիւ Քալակար արքեպիսկոպոսին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Արամ Ա․վեհափառը, Եունան պատրիարքը եւ մարոնիթ եպիսկոպոսներ:
