ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Վախթանգ Քոմելաուրին: Փաշինեան ուրախութիւն յայտնեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ ի յայտ եկած է նոր աշխուժութիւն՝ փոխադարձ այցելութիւններու ճամբով, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներով՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ։
Վախթանգ Քոմելաուրի իր կարգին յայտնեց, որ Վրաստանի համար Հայաստան շատ կարեւոր գործընկեր է, դրացի է եւ ընկեր երկիր, իսկ երկու ժողովուրդները մտերիմներ ու հարազատներ են՝ շատ նման իրենց աւանդութիւններով եւ մշակոյթով։
Ան յայտնեց, որ համագործակցութիւնը կայ, ինչպէս նաեւ կայ պատրաստակամութիւն՝ զայն շարունակելու, ընդարձակելու եւ ամրապնդելու։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին՝ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ ոլորտային բարեփոխումներուն վերաբերող․ անոնք կարեւոր նկատեցին տարբեր բնագաւառներու մէջ փորձառութեան փոխանակումը եւ մնայուն հաղորդակցութիւնը, որ կը բխի հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու ոգիէն: