Երկուշաբթի, 31 Յունուարի առաւօտեան, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հրանդ քհնյ. Սրապեանի վերջին օծումն եւ թաղման կարգը:
Յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի՝ տէր հօր վերջին օծման եւ թաղման արարողութեան նախագահեց Եփրեմ արք. Թապագեան, որ 1980ին, իբրեւ օրուան առաջնորդ, քահանայական աստիճան շնորհած էր վախճանեալ տէր հօր: Ս. պատարագը մատոյց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեան: Արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ծուխի նախկին հովիւ Վահան Ա. քհնյ. Կոստանեան:
Յընթացս Ս. պատարագին, յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, ապա անձնապէս ցաւակցական խօսք արտասանեցին Եփրեմ արք. Թապագեան եւ թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:
Վախճանեալ տէր հօր մարմինը հանգչեցաւ «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ