
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, համախորհուրդ թեմի Խառն ժողովին՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ նշանակեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, որ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին ժամանեց Լոս Անճելըս:
Հայր սուրբը, հոգեւոր տեսուչի իր կարեւոր պաշտօնին կողքին, նաեւ ծառայութիւններ պիտի բերէ մեր Ազգային վարժարաններուն եւ, ընդհանրապէս, թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրին մէջ:
Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը եւ Խառն ժողովը յաջողութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն կը մաղթեն հայր սուրբին, որ իր անթիլիասական դաստիարակութեամբ եւ ձեռք ձգած փորձառութեամբ պիտի նպաստէ շրջանի մեր ժողովուրդի եւ աշակերտութեան հայեցի ու քրիստոնէական կեանքի ծաղկման եւ Հայ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման:
Յայտնենք, որ այս Կիրակի օր, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն ընթացքին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ նորանշանակ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:
Ստորեւ՝ հայր սուրբին կենսագրական ամփոփ գիծերը.
Զարեհ վրդ. Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 31 Մարտ 1991ին: 17 Յունիս 2012ին, աւարտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, ապա իր ուսումը շարունակած է Զուիցերիոյ «Պոսէ Էքիւմէնիք» հիմնարկին մէջ: Աւելի ուշ, Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքի Ս. Խաչ Ուղղափառ աստուածաբանական համալսարանէն ստացած է Մագիստրոսի կոչումը: Լիբանան վերադարձին, ան հետեւած է նաեւ Ս. Գրային յունարէնի եւ եբրայերէնի դասընթացներու, Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկին մէջ:
Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, զանազան պատասխանատուութիւններու կողքին, հայր սուրբը նաեւ վարած է Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ