ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Իսկական արկածախնդրութիւն էր «արկած» բառի գրական փորձերուն եւ փորձութիւններուն մասին գրել, երբ հայ միտքերը, կարծես միաձայնութեամբ, խուսափեր են անկէ: Ո՛չ մէկ աշուղ, ո՛չ մէկ քերթող, ո՛չ մէկ գրիչ պատուասէր՝ փափաքեր է մատնուիլ անոր՝ զոհ դառնալ անոր: Սակայն, եղեր են բացառութիւններ, այսինքն սակաւաթիւ բայց հաճելի գրական արկածներ: Այսօր ըլլանք համարձակ եւ քաջասիրտ աւելի քան երբեք, ու զգուշութեամբ ընթերցենք «արկած» բառի ոդիսականը: Իսկ եթէ ինծի հարցնէք, թէ ինչո՛ւ պէտք է մօտենալ անոր ու վտանգի մատնուիլ, ապա ձեզի պարզապէս կրնամ յիշեցնել այն յայտնի իմաստութիւնը, թէ որոշ մարդոց համար արկածի մը գրգիռը աւելի գրաւիչ է, քան հազարաւոր օրերու բարօրութիւնն ու յարմարաւէտութիւնը:
Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պատահեցաւ հայոց գրականութեան առաջին արկածը: Ի՞նչ էր անոր պատճառը: Անուշադրութի՞ւն, թէ միապաղաղ կեանք մը հետաքրքրական դարձնելու փորձ… Բազմաթիւ ստուգաբան այրեր մտածած են այս հարցումներուն մասին, անկասկա՛ծ, ու առաջարկած են քանի մը վարկածներ:
Հաստատ է, թէ «արկած» բառը յառաջացած է «արկ» արմատէն, որ կը նշանակէ «ձգել, նետել, դնել, մտցնել, վրան ձգել, վերագրել»: Անոր հետեւանքներէն մէկն է «գլխարկ» բառը: Մեր հիները սիրած են այս արմատը եւ ըսած են՝ «ձայն արկանել», «ունկն արկանել», «խունկ արկանել», «խաղ արկանել», «արկանել առասպելս», «ընդ միմեանս արկանել»…: Իսկ «արկած» գոյականը բուն կը նշանակէ՝ վրայ եկած անցողական վիճակ, երեւոյթ մը, որ առարկայի կամ անձի մը էական յատկութիւնը չէ, ինչ որ վրայ կու գայ, կը թափի (հուր, ջուր), այսինքն՝ չնախատեսուած եւ պատահական դէպք, դժբախտ դէպք, փորձանք, բախտէն կախուած՝ վտանգաւոր ձեռնարկ, արտասովոր դէպք: Իմաստի բազմազանութիւնը առիթ տուաւ, որ մեր լեզուաշխարհի արեւմտահայ եւ արեւելահայ թեւերուն վրայ եկան ու նստան «արկած» բառի երկու հասկացողութիւններ: Առաջինը՝ վտանգաւոր-վնասաբեր, իսկ երկրորդը՝ վտանգաւոր-հաճոյաբեր: 6րդ դարուն, երբ բառս դեռ կը զարգանար, լատիներէնի մէջ եւս յառաջացաւ նման երկճիւղ երեւոյթ: Առաջինը կոչեցին accidentem, իսկ երկրորդը՝ adventura: Առաջինը կը նկարագրէ անցանկալի եւ մարմնական վնաս պատճառող պատահար, իսկ երկրորդը՝ հաճելի դիպուած:
5րդ դարուն, Մեսրոպ Մաշտոց եւ մեր թարգմանիչները արկածներ չունեցան, հետեւաբար Աստուածաշունչի մէջ «արկած»ներ չկան: Բառս սկսաւ պատահելու 6րդ դարէն ետք: Ահա մեր առաջին արկածները. «Արկածք չարեաց», «Զարկածս ջրհեղեղին», «Արկածք խաբէութեան», «Մշտնջենաւորեալ արկած», «Արկածք վնասուց, կամ փորձանաց, չար ամպրոպաց, տրտմութեանց, աղեաց, անձրեւաց»:
Մեր ազգի գլխուն թափած փորձանքներուն պատճառով է, որ բառս շարունակեց զարգանալ, հարստանալ նորանոր արկածներով: Այսօր հայը «զոհ կ՛երթայ», «կը հանդիպի», «կ՛ենթարկուի» ու «կը մատնուի» արկածի, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար: Մեր հեղինակներն ալ բաժին ունին անոր մէջ: Անոնք պատճառ դարձան քանի մը «արկածներու» եւ ստեղծեցին տեսարժան պատկերներ, ինչպէս՝ «Արկածալից կեանք»՝ Գրիգոր Զօհրապ, «Երկար ու արկածալի կեանք»՝ Սերօ Խանզադեան, «Արկածաւոր ամուսնութիւն»՝ Շիրուանզադէ, «Արկածամոլ ցեց»՝ Նայիրի Զարեան: 1906 թուականին, Արշակ Չօպանեանին ուղարկած նամակին մէջ, Դանիէլ Վարուժան դժգոհութիւն յայտնեց, թէ իր առաջին գիրքը «արկածի մը զոհ գացեր է». «…Սարսուռներու ծաւալին փոքրութիւնը արկած մըն է լոկ. կէսէն աւելին — կրնամ ըսել լաւ մասը — չհրատարակուեցաւ՝ շնորհիւ (թո՛ղ ուրիշ պատճառները) Վանքի մամուլին կուսակրօնութեան եւ կուսազգութեան»: Իսկ իր կնոջ՝ Արաքսիի, ուղարկած նամակին մէջ խօսեցաւ հայր դարձած ամուսին Վարուժանը. «17 Մարտ 1912, Նիքսար. Սիրելի՛ Արաքսիս, …Հոգիս վրանիդ ըլլայ, եւ մինչեւ վերադարձս՝ ուրախ ու անարկած ըլլաք»:

19րդ դարուն, երբ հայութիւնը գրական, քաղաքական եւ մշակութային արկածախնդրութիւններով էր ալեկոծուած, Ծերենցը «Թէոդորոս Ռշտունի» պատմական վէպին մէջ ախտաճանաչում մը կատարեց: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ էր մեր ազգային ձախողութիւններուն էական պատճառը. «Երբ հաստատ օրինաց եւ սահմանափակ իշխանութեանց վրայ չէ ամրապնդեալ երկրի մը վիճակը, ոչ երբեք երջանկութեան պէտք է սպասէի, դիպուած մը, պարագայ մը, արկած մը, որ ոմանք բախտ անուանած են, ամէն բան վերիվար կրնայ ընել եւ ամէն յոյս եւ ջանք ի դերեւ հանել»: Նոյն օրերուն, Զէյթունը արժանացաւ պատուաբեր կոչումի մը: 1900ին Մխիթարեան տպարանէն լոյս տեսած «Զէյթունի Անցեալէն Եւ Ներկայէն» աշխատասիրութեան մէջ, հեղինակը՝ «Զէյթունցի»ն, այդ քաղաքը կոչեց՝ «Արկածաշատ երկիր»: Զէյթունի ոգին է, զոր անկասկա՛ծ Արցախի մէջ զոհուած Ռուդիկ Ղարիբեան ունէր, քանզի ազատամարտիկի վերջին մենախօսութիւնը եղած է՝ «Առաջ գնալ է պէտք… Արկածաշատ ապագան քեզ է սպասում»:
Բառս ներկայութիւն մըն ալ ունեցաւ հայկական գրատպութեան մէջ: Արկած մը չէր ան, այլ՝ ծրագրուած գործ: Իր շապիկին վրայ «արկած» բառը ունեցող հայկական գիրքերը ունին 200 տարուան պատմութիւն: Ահա անոնց համեստ տողանցքը. «Արկածք Տելեմաքան»՝ 1826, Ս. Ղազար, «Արկածք Վարդան Մամիկոնեան»՝ 1854, Վիեննա, «Արկածք Տեառն Յովհաննու Խաչկեան Խաչակիր Աւագ Քահանայի»՝ 1863, Կալկաթա, «Խենթը. Արկածներ վերջին ռուս-թուրքական պատերազմից»՝ 1881, Շուշի, «Արկածք Կատարինէի. Ազգային Վէպ»՝ 1887, Զմիւռնիա, «Մի Արկած Զէյթունի Վերջին Ապստամբութիւնից»՝ 1904, Ռուսչուք: Նոյն օրերուն սիրային եւ ազգային բազմաթիւ արկածներ պատահեցան նաեւ Պոլսոյ մէջ. «Միամիտի մը Արկածները», «Տոհմային Այգալոյս Արշակունի Օրիորդի Արկածներ», «Արկածներ Քեօրօղլու Կեանքից»: Իսկ հայրենիքի մէջ, 1988 թուականին, մանկական լաւագոյն գիրքի մրցանակին արժանացած հեքիաթ-վիպակն էր «Չիկարելիի Արկածները»:
Հայը ունեցաւ նաեւ արկածաւոր կեանք վարած բանաստեղծներ, ինչպէս՝ Եղիշէ Չարենց: Անոր կենսագրութեան հեղինակը նշեց. «Հոգեկան այդ լարուած կացութեան մէջ, սիրային մի արկած Չարենցի համար ունենում է տխուր վերջաբան: 1926 թուականի Սեպտեմբերի 5ին, նա ձերբակալւում եւ յայտնւում է Երեւանի ուղղիչ տանը: Աբովեան փողոցում հոգեկան անհաւասարակշիռ կացութեան մէջ Չարենցը ատրճանակով կրակում եւ վիրաւորում է Մարիաննա Այվազեան անունով մի գեղեցկուհու, որի հանդէպ նախապէս ունեցել էր բուռն զգացմունքներ»: Չարենցի նման կրքոտ է եղած Շառլ Ազնաւուրը: Վարկած մը չէ ասիկա, այլ՝ ինքնակենսագրականի մէջ արտասանուած խօսք. «Իմ ամուրիական կեանքը լի է եղել ակնթարթային եւ խելայեղ սիրային արկածներով»:
Ինչպէս նշեցի, Հայաստանի մէջ «արկածային» բառը ունի հաճելի մտաբերում: Զբօսաշրջութեան ասպարէզին ձեռնարկած ընկերութիւնները մայրաքաղաքի Աբովեան եւ այլ պողոտաներու վրայ կը ծանուցանեն «արկածային»՝ լեռնագնացութիւններ, արշաւներ, շրջագայութիւններ եւ ճանապարհորդութիւններ: Հայաստանի մէջ արկածային տասը օր մը ապրիլը բոլորիս երազն է անկասկա՛ծ: Սակայն, եթէ պատահի որ դուք ձեր երազին մէջ տեսնէք արկած՝ պէտք է սարսափիլ: Երազահան վստահելի աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ «Երազի մէջ դուք կը տեսնէք, որ կը մասնակցիք զարմանահրաշ եւ գրաւիչ արկածներու, ապա դուք շուտով մաս կը կազմէք վտանգաւոր պատահարի»:
Այսօր, արկածաշատ այս բառապտոյտը ապահով աւարտած ըլլալու գոհունակութեամբ, որոշեցի յօդուածիս վերջաւորութեան հնչեցնել արկածախնդիր կեանք ունեցած երգահանի մը արկածալի մէկ երգը: Ռուբէն Հախվերտեանն է ան, որ տարիներ առաջ հեղինակած էր հետեւեալ խօսքերը. «Սէրն իմ անյաջող արկած, / Մութ, կասկածելի վարկած»: Իսկ մէկ այլ պատմութիւն էր անոր՝ «Կուրորտային Սէր» երգը… Մնացէք ապահով եւ անարկած:
«Իսկ ռեստորանում ջութակը յանկարծ
Ինչ որ բան յիշեց կամ էլ ափսոսաց,
Եւ ջութակի հետ կիթառը զնգաց,
Գուցէ սէ՞ր է սա, այլ ոչ թէ արկած»: