ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30ամեակին առիթով:
Իր ուղերձին մէջ դոկտոր Ամիր Ապտոլլահեան կը յիշեցնէ, որ Իրան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեց Հայաստանի հետ:
«Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց Իսլամական Հանրապետութեան կամքը՝ ամրապնդելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը», կը յայտնէ նախարարը:
Իրան պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25 Դեկտեմբեր 1991ին: Դիւանագիտական յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ հաստատուած են 9 Փետրուար 1992ին, երբ Թեհրանի մէջ ստորագրուեցաւ հռչակագիր՝ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերեալ: