ԱԹԷՆՔ․- Առաջին անգամ ըլլալով, 12 հայկական հագուստեղէնի հայ ծրագրողներու եւ հիւսուածքի արտադրողներու ապրանքանիշերը միասնական տաղաւարով մասնակցեցան Աթէնքի նորաձեւութեան միջազգային ցուցահանդէսին՝ ներկայացնելով իրենց արտադրած հագուստեղէնի ամառնային հաւաքածոները՝ 27-30 Յունուարին, Աթէնքի մէջ։
Ցուցադրութեան միջոցառումը կազմակերպուած էր Նորաձեւութեան եւ ձեւաւորումի պալատին կողմէ, Յունաստանի հագուստի արդիւնաբերութեան ընկերութեան (HCIA) հետ միասնաբար իրականացած «Textile Alliances» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որ կը ֆինանսաւորուէր Եւրոպական Միութեան ձեռնարկութեան (EU4Business: Connecting Companies) յատուկ ծրագիրին կողմէ:
Ուսումնական եւ համագործակցութեան փոխանակման համար Աթէնք այցելութեան ծիրին մէջ, հայ արտադրողները առիթը ունեցան գործարաններ այցելելու եւ հանդիպումներ ունենալու ոլորտի ներկայացուցիրներուն հետ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան հայրենի մասնագէտներուն՝ մուտք գործելու միջազգային նոր շուկաներ եւ նորաձեւութիւններու արտադրութեան դաշտը ընդլայնելու նաեւ հայրենիքի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.