ԱՆԹԻԼԻԱՍ․- Երեքշաբթի, 8 Փետրուարին, Արամ Ա. կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց նորընծայ հինգ միաբան հայրերը՝ Եզեկիէլ աբղ. Սելլումեանը, Եսայի աբղ. Էօրտէքեանը, Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեանը, Եղիա աբղ. Մալխասեանը եւ Երեմիա աբղ. Տէկիրմէնճեանը: Շուրջ եօթը ամիսներ առաջ յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստանալով, վեհափառին տնօրինումով կը ծառայեն կաթողիկոսարանին ու Դպրեվանքին մէջ՝ զանազան պաշտօններ ստանձնելով:
Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը փոխանցեց եւ գնահատանքը յայտնեց նորընծայ միաբան հայրերուն՝ յիշեցնելով, թէ հոգեւորականի կոչումը ծառայութիւնն է: Ծառայութեան վայրերը եւ ձեւերը կրնան փոխուիլ, սակայն անոր էութիւնը եւ նպատակը կը մնան նոյնը: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ հոգեւորականը, եկեղեցին ունենալով իր կեանքի առանցքը ու ժողովուրդը՝ իր կեանքին դիմաց, պէտք է իր կոչումը գործնապէս արժեւորէ, շեշտեց հայրապետը:
Ապա, կաթողիկոսը ճշդեց իւրաքանչիւրին աւարտաճառի նիւթը՝ նկատի ունենալով միաբան հայրերու նախասիրութիւնը: