ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեան անհրաժեշտ կը նկատէ 2020ի 44օրեայ պատերազմի բոլոր զոհերուն անուն-մականունները ամբողջութեամբ հրապարակելը:
Խորհրդարանական ճեպազրոյցին ընթացքին ան անդրադարձաւ այս հարցին՝ զոհերու թիւին մասին վարչապետին օր մը առաջ կատարած յայտարարութեան լոյսին տակ:
Ըստ պատգամաւորին՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք տարբեր ուժեր փորձեցին ծանրացնել իրավիճակը. ներկայացուած է, թէ կան առաւել քան 100 զոհեր: «Իրականութեան մէջ մենք քառօրեայ պատերազմում ունեցել ենք 75 զոհ», յայտնեց Աբրահամեան՝ ընդգծելով, որ 2016ի ապրիլեան մարտական գործողութիւններու զոհերու անուն-մականունները ամբողջութեամբ հրապարակուած են:
Ըստ անոր՝ հիմա ոեւէ մէկը չի կրնար արձանագրել, որ իր հարազատներէն մէկը, որ զոհուած է 44օրեայ պատերազմին, արդեօք ներառուա՞ծ է ընդհանուր ցանկին վրայ, թէ՝ ոչ: «Սա է հիմնական պատճառը, որ ժամանակի ընթացքում զոհերի թուերի հետ կապուած անընդհատ խնդիրներ են առաջացնում: Այս թեմայի հետ կապուած վերջնական մենք արդիւնք կ՛ունենանք այն ժամանակ, երբ 44օրեայ պատերազմի բոլոր զոհերի անուն-ազգանուններն ամբողջութեամբ կը հրապարակուեն, եւ այդ ժամանակ արդէն բոլոր հարցերի պատասխանները կը լինեն», յայտնեց պատգամաւորը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ 44օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու թիւը 9 Փետրուարի դրութեամբ՝ 3812 է, որոնց 3736ը՝ զինուորներ, 76ը՝ քաղաքացիներ: