ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ»․- ՆԱԹՕի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Չորեքշաբթի օր վերապահութեամբ մօտեցան մէկ օր առաջ Ռուսիոյ կատարած այն յայտարարութեան, որ Ուքրանիոյ սահմաններուն մօտ գտնուող ռուսական ուժերուն մէկ մասը սկսած է հեռանալ, աւարտած ըլլալով հոն կատարած էր ռազմափորձերը։
Ուքրանիոյ տագնապը կը շարունակէ առաջնակարգ տեղ գրաւել համաշխարհային օրակարգի վրայ, սակայն Երեքշաբթի օր լարուածութեան մեղմացման ազդանշաններ երեւցան, երբ Մոսկուայի նշեալ յայտարարութեան կողքին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը, որ նախօրէին Քիեւի մէջ տեսակցած էր Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։
Փութին պատրաստակամութիւն յայտնեց տագնապը լուծելու նպատակով դիւանագիտական ջանքերը շարունակել, շեշտելով Մոսկուայի մտահոգութիւնները նկատի առնելու կարեւորութիւնը։
Իր կարգին, Շոլց ռուսական զօրքերու Ուքրանիոյ սահմանէն մասամբ ետ քաշուիլը դրական ազդանշան մը որակեց եւ աւելցուց, որ Եւրոպայի ապահովութեան գծով Մոսկուայի պահանջներուն մէջ կան կէտեր, որոնք քննարկման արժանի են։
Նաեւ, տագնապին շուրջ հեռաձայնային զրոյցներ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ յայտարարեց, թէ տակաւին շատ հաւանական կը համարուի Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը, ազդարարելով, որ նման քայլ մը մեծ հակազդեցութիւն պիտի յառաջացնէ ռուսական կողմին դէմ։ Պայտըն յայտնեց, որ դիւանագիտական ջանքեր պէտք է շարունակուին։
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Ատրպէյճանէն դէպի Եւրոպա կազի մատակարարումները։