ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 16 Փետրուարին հանդիպում ունեցաւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ գիտական ու փորձագիտական շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպման ընթացքին, ըստ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Վահան Յունանեանի, կարծիքներ փոխանակուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Յայտենք, որ հայ եւ թուրք բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ երկրորդ անգամ պիտի հանդիպին 24 Փետրուարին, Վիեննայի մէջ: Առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ էր, 14 Յունուարին: Հայկական կողմը յայտարարեց, որ այս անգամ առաւել առարկայական քննարկում կ՛ակնկալէ սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ուղղութեամբ: